«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ «Նաւթոկազ»-ի ղեկավար Անտրէյ Քոպոլեւ յայտարարած է, որ Ուքրանիան Եւրոպական Միութենէն կազ կը ստանայ միջին գինով, որ հաւասար է հազար խորանարդ մեթրի դիմաց մօտաւորապէս 360-370 տոլարի:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը «Նաւթոկազ»-ին հետ վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին պատրաստ չէ եղած փոխզիջում կատարելու եւ արհեստականօրէն տագնապ ստեղծած է:
«Ռուսական կողմը եկած է ոչ թէ համաձայնելու, այլ` տագնապ ստեղծելու», յայտարարած է վերջինս:
Ռուսիան ու Ուքրանիան տուեալ պահուն չեն համաձայնած կազի գինին շուրջ: Նախապէս Քոպոլեւ յայտարարած էր, որ Ուքրանիան կազի օգտագործման շուրջ քսան տոկոսով կրճատման պարագային պիտի կարենայ բնական կերպով անցընել ձմեռը` Ռուսիայէն կազի մատակարարման բացակայութեան պարագային:


