Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «2-րդ Ժեսթ»-ը

July 5, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

.AraratborderwithTurkey2665Թուրքիոյ գործող վարչապետ, նախագահութեան թեկնածու եւ գէթ այժմու տուեալներով  յառաջիկայ հաւանական նախագահ Էրտողանին վերագրուող քարոզչական գործողութիւնները հայկական հարցերուն նկատմամբ աշխուժ ընթացքի մէջ կը թուին ըլլալ: Թէկուզ ապատեղեկատուութեան կարգով:

Պարզ էր, որ ցաւակցական գործողութեան պիտի հետեւէին այլ «ժեսթ»-եր: ժեսթային այս քաղաքականութիւնը կրնայ տարբեր շարժառիթներ ունենալ:

Իր այսօրուան կարգավիճակին նկատառումով Էրտողան, բնականաբար շատ կարեւոր պիտի նկատէ ներքին սպառման շուկան: Ամբոխային տրամադրութիւններու վրայ ազդելու միջոցներու լիարժէք օգտագործման դէպքերը պիտի շարունակեն յաջորդել իրարու: Խնդիրը այս պարագային սերտօրէն փոխառնչուած է: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր հորիզոններ բանալու հնարաւորութիւն ցոյց տալը ներքին անդրադարձ կ՛ունենայ անշուշտ եւ քուէահաւաքի աշխատանքին վրայ անպայման իր ազդեցութիւնը կը ձգէ:

Նախ եւ առաջ քրտական հանգոյցի լուծման համար առնուած քայլերը ներթրքական հասարակութեան վրայ այս կամ այն ձեւով ազդեցիկ դեր կ՛ունենան: Չենք խօսիր տակաւին ուղղակի քիւրտ ազգաբնակչութեան կատարելիք ընտրանքին մասին, իր գերխնդիրին լուծման ուղղութեամբ առնուող քայլերուն համապատասխան գնահատական տալու եւ այդ գնահատականին քուէական դրսեւորումը կատարելու մասին: Եւ բնական է, որ միանշանակ դրսեւորումներ չեն արձանագրուիր այս պարագային:

Արտաքին-ներքին շարժառիթներ ունեցող նման հարցերու շարքին կրնայ դասուիլ նաեւ հայկականը: Արտաքին հարց լուծելու տպաւորութիւնը թողելով, ներհասարակական շրջանակներուն վրայ որոշակի ազդեցութիւն բանեցնելու քաղաքականութիւնը գուցէ: Այստեղ ոչ միայն դասական կամ թաքուն համայնքին մասին է խօսքը, այլ նաեւ այն շրջանակները, որոնք նման հարցերու հարթման համար այլընտրանքային մտածողութեամբ հանդէս կու գան:

Ամբողջովին կրնայ համոզիչ չթուալ այս տեսակէտը: Հայերուն ուղղուած ցաւակցութիւնը կամ սահման բանալու տակաւին թէական խոստումը որքանո՞վ կրնան բարձրացնել Էրտողանի արժէքը ներքին շուկային մէջ: Շարժառիթներու փոխառնչութեան վարկածը այստեղ ինքզինք աւելի զգալի կը դարձնէ իբրեւ ներկայութիւն, եթէ յիշենք ցաւակցական նշանաւոր ուղերձին միջազգային ընտանիքին ուղղուած ըլլալը: Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու պահանջ էր սահմանի բացումը: Նոյն այդ կեդրոնները շատ անգամ յիշեցուցին Էրտողանական վարչակարգին, որ թելեր ունին իրենց ձեռքին` շարժելու քաղաքացիական եւ հասարակական շարժումները Թուրքիոյ տարածքին: Չմոռնանք, որ ներհասարակական այդ շարժումները գաղափարական ուղղուածութիւններով, կենսոլորտի, բնապահպանութեան եւ քաղաքացիական տարբեր առաջադրանքներ արծարծելով, չհատեցին ազգային խնդիրներու սահմանը: Ինքնութեան հարցերու բարձրացումը արդէն նոր տարողութիւն կ՛ապահովէր շարժումին: Այդ պահը չէ հասած ըստ երեւոյթին:

Սահմանի բացման ուղղութեամբ անպաշտօն տեղեկատուութիւնը կրնայ հակավարկանշային մտադրութիւն ունեցած ըլլալ` նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան մօտալուտ ըլլալը: Հիմա ուշադիր կարդանք լրատուութիւնը:

«Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ծրագրէ բանալ ղարաբաղեան պատերազմի պատճառով 1993-ին փակուած եւ տարիներ շարունակ փակ մնացած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը: Թրքական լրատուականները, «Թարաֆ» պարբերականին յղումով, կը գրեն, որ ատիկա պիտի ըլլայ  Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 2-րդ քայլը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:

«Թարաֆ»-ը ճանչցուած է իբրեւ հակակառավարական դիրքորոշում ունեցող թերթ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հերքումը նախ եւ առաջ մտածել կու տայ, որ «Թարաֆ»-ը նման ապատեղեկատուութիւն կատարած է ընտրութիւններուն Էրտողանի վարկանիշը նուազեցնելու համար: Անկախ անկէ, որ սահմանի բացումը կը կայանա՞յ, թէ՞ ոչ, այս «անպաշտօն» տեղեկատուութիւնը իբրեւ «ցաւակցութեան» շարունակութիւն կ՛ընկալուի: Ինչ ալ եղած ըլլան շարժառիթները, սահմանի բացման հաւանականութիւնը արդէն իբրեւ  լրատուութիւն թրքական լրատուադաշտին մէջ աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ դրուած է: Թրքական կողմը կ՛առաջադրէ անոր իբրեւ ժեսթ ընկալումը նախքան հայկական կողմէն, միջազգային ընտանիքէն: Փաստօրէն, այդպէս ալ բնութագրուած է` 2-րդ ժեսթ:

Հայկական լրատուադաշտը, եթէ այս յայտարարութիւնը ներկայացնէ իբրեւ 2-րդ ժեսթ, ոչ միայն պատճէնահանած կ՛ըլլայ թրքական տեղեկատուական մեքենային արտադրութիւնը, այլ աւելի՛ն: Ընդունած կ՛ըլլայ ցաւակցութեան առաջին ժեսթ ըլլալը:

Պաքուն անպայման կ՛արձագանգէ այս լրատուութեան: Ամենայն հաւանականութեամբ թրքական տարբերակով` «անպաշտօն» ձեւով:

Մեր անմիջական խնդիրը այս տեղեկատուական գործողութիւնը իբրեւ ժեսթ չընկալելն է.  աշխատիլը, որ իբրեւ այդպիսին չընկալէ  նաեւ  միջազգային կարծիքը:

«Ա.»

 

Նախորդը

«Լիբանան Գալը Ինծի Համար Հրաշալի Հոգետօն Է, Լիբանանահայը Ապրելու Հզօր, Կենսական Ու Վարակիչ Ուժ Ունեցող Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռոպերթ Ամիրխանեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.