Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկու Երկիրները Կոչ Կ՛ուղղեն Զերծ Մնալու Բորբոքիչ Յայտարարութիւններէն

July 4, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճեն Փսաքի
Ճեն Փսաքի

Միացեալ Նահանգները` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, յանձնառու են օգնելու երկու կողմերուն` հասնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Այս մասին չորեքշաբթի օր յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի:

«Յոյսով ենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները ընդունին ըստ կարելւոյն շուտ Փարիզի մէջ վեհաժողով գումարելու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հրաւէրը եւ  համաձայնին կառուցուածքային բանակցութիւններու, որոնք կը յանգին խաղաղ համաձայնութեան», ըսաւ Փսաքի:

Ազրպէյճանի մէջ վերջին շրջանին հակահայկական հռետորութեան ահագնացումին, Հայաստանի` «Ազրպէյճանի պատմական հող» ըլլալու մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, վերջին շաբաթներուն ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի խախտումներուն, որոնց շարքին ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ, այլեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պետական սահմանին, Հայաստանի հիւսիսարեւելեան գիւղերու ռմբակոծումներուն վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յայտարարեց. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն կրկնապատկելու իրենց ջանքերը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ կեդրոնանալու այն օգուտներուն վրայ, որոնք խաղաղութիւն կը բերեն մարդկութեան ամբողջ շրջանին մէջ»:

«Ակնյայտօրէն, բորբոքիչ հռետորութիւնը եւ յայտարարութիւնները կը հակասեն լարուածութեան նուազեցման սկզբունքին, եւ մենք անշուշտ կը կարծենք, որ ատիկա կը վնասէ խաղաղ հոլովոյթին, եւ կը խրախուսենք զանոնք` կրկնապատկելու ջանքերը», ընդգծեց Ճեն Փսաքին:

Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բնակավայրերու գնդակոծութիւններուն վերաբերեալ հաղորդումներուն առիթով արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ ինք չունի որոշակիօրէն այդ հաղորդումներու որեւէ հաստատում, բայց, յստակաբար, խաղաղ լուծումը կը բխի երկու երկիրներու շահերէն:

Նոյն օրը խնդիրին անդրադարձած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ այլ պետութիւն մը եւս` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պատասխանելով «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերականի հարցումին, թէ ի՞նչ նախաձեռնութիւններով կը պատրաստուի հանդէս գալու Ֆրանսան` կանխելու համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան ահագնացումը, «յատկապէս 5 յունիսին հայ երկու զինուորներու մահէն ետք, որոնք սպաննուեցան Հայաստանի հարաւարեւմտեան սահմանին վրայ` Նախիջեւանի մէջ ազրպէյճանական բանակի արձակազէնի մը կողմէ», Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը  յայտարարեց, որ Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն զերծ մնալու վստահութեան մթնոլորտի հաստատման հակասող յայտարարութիւններէն եւ զանոնք կը հրաւիրէ աշխուժօրէն նպաստելու անոր:

Բանբերը նշեց, որ 11-13 մայիսին Հարաւային Կովկաս այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ «նախագահներ Ալիեւի եւ Սարգսեանի հետ քննարկեց բանակցութիւնները խաղաղ լուծման ուղղութեամբ յառաջ մղելու միջոցները»:

Նախորդը

Հոլանտայի Օվերեյսել Մարզի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Բողոք` Սասնոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցիները Ախոռի Վերածելու Քայլերուն Դէմ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.