Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Աղուան Վարդանեանի. Պաքուի Մէջ Արտաշէս Գեղամեանի Յայտարարութիւնը Զուտ Անձնական Տեսակէտէ

July 2, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0107AghvanԵրէկ Պաքուի մէջ շարունակուեցան ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքները:

Այսօր պիտի հրապարակուի Խորհրդարանական վեհաժողովի եզրափակիչ հռչակագիրը, եւ պիտի աւարտի վեհաժողովին 23-րդ տարեկան նստաշրջանը: Պաքուի հռչակագիրը պիտի հանդիսանայ 28 յունիսէն 2 յուլիս ընթացող` ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն ամփոփիչ փաստաթուղթը, որուն նախագիծը պատուիրակները այսօր պիտի ստանան:

Հայաստանեան պատուիրակներէն Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ին տեղեկացուց, որ երբ ստանան նախագիծը եւ ծանօթանան անոր մէջ ամրագրուելիք կէտերուն, եթէ որոշ կէտեր հակասեն հայկական շահերուն, ապա հայկական պատուիրակութեան անդամները իրենց առաջարկները եւ պահանջները պիտի ներկայացնեն ու փորձեն փոփոխութիւններ մտցնել. անոր կարելիութիւնը կայ:

Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ նաեւ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արտաշէս Գեղամեանի` ազրպէյճանական Haqqin.az կայքին տրուած հարցազրոյցին, որուն մէջ ան նշած էր, թէ «մենք շատ կը ցանկանք, որ Ազրպէյճան եւս միանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան, որ մեծապէս պիտի օգնէ լուծելու մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները»:

Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, որ արդեօք ատիկա ամբողջ պատուիրակութեան տեսակէ՞տն է, արդեօք Արտաշէս Գեղամեան Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշո՞ւմը արտայայտած է, արդեօք Հայաստան իրապէ՞ս կը ցանկայ, որ Ազրպէյճան անդամակցի Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ արդեօք ատիկա պիտի օգնէ՞ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին, Աղուան Վարդանեան նշեց, որ ատիկա զուտ Գեղամեանի անձնական տեսակէտն է եւ ոչ թէ պատուիրակութեան միւս անդամներուն: Ան աւելցուց, որ ան երբեք չէ լսած, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, հանրապետութեան նախագահը կամ արտաքին գործոց նախարարը այսպիսի ցանկութիւն արտայայտած ըլլան:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք Արտաշէս Գեղամեանի յայտարարութիւնը կապուա՞ծ է Ռուսիոյ որոշ շրջանակներու կամ Ռուսիոյ ցանկութեան հետ, Աղուան Վարդանեան չբացառեց, որ ռուսական ծիրին մէջ կ՛ուզեն, որ Ազրպէյճան մաս կազմէ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ աւելցուց, որ վստահաբար կրնայ ըսել, որ Գեղամեան նաեւ ռուսական պետութիւնը չի ներկայացներ: «Այս ամէնը արձանագրելով` կրնամ ըսել, որ ասիկա Գեղամեանի անձնական հզօր ցանկութիւնն է: Ինք կ՛ըսէր` «մենք շատ կը ցանկանք»` հաւանաբար, նկատի ունենալով անձամբ ինքնիրեն:

Երկրորդ խնդիրը` մտածել, թէ Ազրպէյճանի այդ միութեան հաւանական անդամակցութիւնը պիտի օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, Աղուան Վարդանեան չի կարծեր ատիկա եւ Հայաստանի ղեկավարներն ալ այսպիսի բան չեն ըսած:

Ընդհակառակն` միշտ շեշտուած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը այն հարթակը, այն ձեւաչափը չէ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պիտի քննարկուի: Աղուան Վարդանեան շեշտեց, որ այս հարցին լուծումները պէտք չէ այնտեղ փնտռել:

Նախորդը

Ելեկտրականութիւնը Պիտի Սղի 1 Օգոստոսէն Սկսեալ. Հասարակական Ընդվզումը Կը Սաստկանայ

Յաջորդը

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Տաւութօղլու Խեղաթիւրած Է Պատմութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.