
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական իրադարձութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը ազգային իսկական երկխօսութեան կը ծառայէ:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի, որ Պըրրիի հետ քննարկեց Լիբանանի, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի շրջանին ապահովական իրավիճակը:


