Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ բաց նամակով մը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն մասնակցելու նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստին, կատարելու համար իրենց ազգային պարտականութիւնը` ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն:
«Ձեր նուազագոյն պարտականութիւնն է հաւատարիմ մնալ քաղաքացիներուն, որոնք ձեզ ընտրած են: Անհատներն ու պատասխանատուները կու գան եւ կ՛երթան, իսկ երկիրներն ու պետութիւնները պիտի շարունակեն մնալ», ըսաւ ան:


