
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հիուար կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Ժիհատ Սամատ եւ Մոհամետ Ամին Իթանի:
Միւս կողմէ, Սալամ շեշտեց հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութեան դիմագրաւած հիմնական մարտահրաւէրներէն կը նկատուի նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար անհրաժեշտ պայմաններուն ստեղծումը` յարգելով երկրին սահմանադրութիւնը:
Վարչապետ Սալամ վերահաստատեց, որ ոչ ոք պէտք է վախնայ, որովհետեւ ապահովական նուաճումները ցոյց կու տան, որ ապահովութիւնը կայուն է:
Այս շրջագիծին մէջ ան բարձր գնահատեց ապահովական կառոյցներուն տարած աշխատանքը:


