Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մեր Վազքը

June 30, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2906maratonԵրէկ Պուրճ Համուտի փողոցները ականատես դարձան քարոզչական ձեռնարկի մը համար օգտագործուած իւրայատուկ եղանակի, որ ուղերձ ունէր, որ նպատակ կը հետապնդէր:

Միջազգային կառոյցները, երիտասարդութեան հարցերով զբաղող ընկերաբանական- մասնագիտական կազմակերպութիւնները համաշխարհային մակարդակի վրայ կը շարունակեն հնչեցնել թմրեցուցիչի օգտագործման վտանգը, անոր մահացու հետեւանքները, սերունդներու փճացման արհաւիրքը:

Սակայն համաշխարհային այս աղէտը, հակառակ զգուշացումներուն, միջպետական համաձայնութիւններով համակարգուող հետապնդումներուն, կտրուկ մագլցողականութեամբ կը զարգանայ, իր ոլորտին մէջ ներառելով միջազգային ստուերային համակարգեր, մաֆիաներ, աշխարհագրական տարբեր շրջաններու մէջ յաճախ ալ տեղի տալով կառավարական մարմիններ-ստուեր չյայտարարուած գործակցութիւններու:

Թմրեցուցիչի մեծաքանակ մաքսանենգութիւնները աշխարհի տարածքին, տարբեր երկիրներու մէջ (չ)արտօնուած ցանքերը վիճակագրական տուեալներու համաձայն աստեղային գումարներով առեւտուրներու մասին կը խօսին, ինչ որ կ՛ընդգծէ ոլորտին վերաբերեալ համաշխարհային ցանցային կառոյցի գոյութիւնը, տարանցիկ ճամբաներու վերահսկողութիւնը եւ անոր առնչուող մարդկային զոհերու սրընթաց աճը:

Այս ոլորտը ազգ չի ճանչնար: Զոհերը եւս կը պատկանին բնականաբար տարբեր ազգերու, մաֆիայի ղեկավարները նոյնպէս: Աւելի պարզ կը բացատրուէր այս անդրազգային երեւոյթը, եթէ խնդիրը միայն դրամին եւ շահին վերաբերէր: Շատ աւելին է սակայն   հետեւանքը: Սերունդներու ամբողջ խաթարումի քաղաքականութիւն մըն է, որ կը կիրարկուի ստուերային կազմակերպութիւններու կողմէ, երբեմն լուռ մեղսակցութեամբը պետութիւններու, երբեմն ակներեւօրէն զգալի առնչութիւններով: Համաշխարհային երեւոյթ է, որուն արդիւնքը սերունդներու ուղեղներու թմրեցման զանգուածային փաստերն են: Մարդկութեան դէմ ոճիրի համազօր այս եղելոյթին դէմ պայքարը, նշուած հանգամանքներուն նկատառումով կը բախի հսկայական դժուարութիւններու:

Մեծ հարցականներ ստեղծող այս աղէտի բարձր ալիքները ինչպէս ամէնուրեք, վաղուց հասած են Լիբանան, ուր առանց տեղատուութիւններու, անվերջ մակընթացութիւններու երեւոյթն է, որ կը պարզուի մեր առջեւ, մեր շուրջը, մեր անմիջական տարածութիւններուն մէջ:

Զոհերու առատութիւնը արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր մղած է շրջանի պատասխանատու մարմինները յառաջացնելու համապատասխան յանձնախումբ ու գրասենեակ` պայծառ Հորիզոններու հեռանկարները պարզելու համար մեր երիտասարդութեան առջեւ: Զոհերու փրկութեան աշխատանքին զուգահեռ, նոր զոհեր չունենալու կանխարգիլման աշխատանքն է, որ կը տարուի մեծ թափով: Դպրոցներու, միութիւններու, համախմբումներու մէջ մեծ է տեղը կանխարգիլման եւ զգուշացման ծրագիրներուն: Անվերջ կ՛արծարծուի թմրեցուցիչի գործածութեան փորձութիւններէն հեռու մնալու, այս, իբրեւ թէ ինքնամոռացման միջոցէն բացարձակապէս հեռու մնալու հրամայականը եւ ծուղակ չներքաշուիլը:

Երէկ հարիւրաւորներ, երէցներ, չափահասներ, անչափահասներ վազեցին դէպի պայծառ Հորիզոնը: Այս մեր վազքն էր: Մեր թաղերը  ոչ թմրեցուցիչային տարածքներ յայտարարելու, կանխարգիլելու նման դաւադիր թափանցումներ մեր շրջաններուն մէջ: Անիկա մեր վազքն է մեր երիտասարդութեան առողջութեան պահպանման, մեր նոր սերունդներու իրազեկման, տեղեկացուածութեան եւ հաւաքական ոչին` յոռիին, սերունդներու անվտանգութեան դէմ ցցուող սպառնալիքին:

Վազքը միայն քարոզչութիւն չէ: Վազքը կամք է ու վճռակամութիւն նաեւ  մինչեւ վերջնագիծը հասնելու: Անիկա խորհրդանիշ է անտեղիտալիութեան, չընկրկելուն եւ նպատակին հասնելուն:

Երէկուան մեր վազքը շեշտեց այդ բոլորը:

Նախորդը

Ազրպէյճան Ռմբակոծեց Այգեպար Գիւղը. Ամբողջ Գիւղը Ծուխի Մէջ Էր

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.