
Ազրպէյճանական Haggin.az կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի քոնկրեսական, Հելսինքեան յանձնախումբի անդամ Քրիս Սմիթ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի մը ընթացքին վերջինիս փոխանցուած են ցուցակները այն բանտարկեալներուն, որոնք «Միջազգային ներում»-ի տուեալներով քաղաքական բանտարկեալներ են:
«Ես միշտ կը բարձրացնեմ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը: Ես այդ հարցը բարձրացուցած եմ նաեւ երէկ` Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին», ըսած է քոնկրեսականը:
Ան աւելցուցած է.«Անկեղծ զրոյցը տեւած է մէկ ժամ: Կան շատ դրական պահեր` մարդոց առեւտուրի դէմ պայքարին մէջ, սակայն ես մտահոգութիւնս յայտնեցի` լրագրողներու եւ պլոկըրներու հարցերուն վերաբերեալ: Մենք նախագահին փոխանցեցինք քաղաքական բանտարկեալներու ցուցակները»:
Ըստ քոնկրեսականին, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան, մարդոց առեւտուրի դէմ պայքարի եւ Ազրպէյճանի մէջ սեռերու խնդիրներուն առնչուող հարցեր:


