
Յոյն ուղղափառներու պաղեստինեան Սեբաստիոյ եպիսկոպոսապետ Աթալլա եպս. Հաննա շեշտեց. «Մենք ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Երուսաղէմի մէջ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան մէջ հիւրեր չենք»` աւելցնելով. «Ասիկա մեր եկեղեցին ու հայրենիքն է, եւ կը մերժենք, որ Յունաստանէն հոգեւորականներ գան եւ մեզի հետ վարուին կարծէք օտարներ ենք»:
Հաննա եպիսկոպոսը պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, «Մենք կապ պիտի հաստատենք աշխարհի ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ, եւ բազմաթիւ նստացոյցեր ու խորհրդաժողովներ տեղի պիտի ունենան»` նշելով, որ «մենք միշտ կը քննադատենք սիոնական ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը, սակայն մամլոյ արձագանգի չենք արժանանար»:
«Արտասահմանէն հրամաններ ստացողներուն հետ երկխօսութեան կարելիութիւն չկայ», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Ուզուածը այն է, որ Պաղեստինի քրիստոնեաները իրենց հայրենիքին մէջ տկար ըլլան»: «Երուսաղէմի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը իսրայէլեան ճնշումներու կ՛ենթարկուի», ըսաւ եպիսկոպոսը:
«Մենք բոլոր ազգերուն եւ կրօններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք ունինք, սակայն կը մերժենք, որ Յունաստանէն հոգեւորականներ գան մեզի գաղութատիրելու եւ մեր կալուածները ծախելու համար», ըսաւ եպիսկոպոսապետը` աւելցնելով. «Մենք մեր եկեղեցւոյ մէջ կը հալածուինք, որովհետեւ պաղեստինցի ենք եւ որովհետեւ պաղեստինեան դատին կը զօրակցինք»:
«Մեր պահանջածը բարեփոխումն է, եւ եկեղեցին եթէ իր մէջ բարեփոխում չունենայ, ապա իր գոյութեան իմաստը կը կորսնցնէ», նշեց Հաննա եպիսկոպոսը:


