Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական հետախուզական վերջին տուեալներուն համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն շարքերուն մէջ 600-700 թուրք կայ: Արդէն 163 ընտանիք դիմած են պատկան մարմիններուն` յայտնելով, որ իրենց զաւակները անհետացած են, եւ իրենք այն կասկածը ունին, որ անոնք միացած են ՏԱՀԵՇ-ի:
Սուրիոյ սահմանը կտրելով` խմբաւորման ճամբարներուն մէջ թուրքերը մարտական պատրաստուածութեան դասերու կը հետեւին, ապա կը մասնակցին պատերազմին: Այս ընթացքին սպաննուած է երեք եւ վիրաւորուած վեց թուրք, իսկ չորսը մահացած են հիւանդանոցներու մէջ:
ՏԱՀԵՇ մարզումի ճամբար հիմնած է Թուրքիոյ սահմանին վրայ` մեծցնելով հաւանական յարձակումի վտանգը: Կը նշուի, որ ճամբարներուն մէջ աշխատող «պաշտօնեաներու» մեծ մասը թուրքեր են: Թուրք սահմանապահները արդէն զգուշացուցած են եւ պիտի փորձեն կանխարգիլել ապօրինի ճամբով սահմանը կտրելու դէպքերը:


