Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ստորագրեց «Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին» Օրէնքը

June 28, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը օրէնքներ, որոնց կարգին Ազգային ժողովի ընդունած` «կուտակային կենսաթոշակներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին, Կենսաթոշակային համակարգի կուտակային բաղադրիչի մասնակիցներու իրաւունքներուն եւ օրինական շահերուն պաշտպանութեան լրացուցիչ երաշխիքներու մասին, «Պետական կենսաթոշակներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները:

Նշենք, որ երէկ «Դէմ եմ» շարժումը կոչով դիմած էր նախագահին` օգտագործելու իր վեթոյի իրաւունքը եւ կասեցնելու օրինագիծին` օրէնք դառնալու հոլովոյթը:

Մինասեան. «Պիտի Վիճարկենք»

2706Arcvik-Minasyan-320x228Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «ԿԱԼԱ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ եթէ նոյնիսկ երկրի նախագահը պարտադիր ընկերային վճարներու օրէնքը վաւերացնէ, միեւնոյնն է` ատիկա կը նկատուի իրաւական ուժ չունեցող աքթ, որուն կիրարկումը այսօրուան գործող օրէնսդրութեամբ կը յառաջացնէ քրէական պատասխանատուութիւն:

«Եթէ օրէնքը ստորագրուի նախագահին կողմէ եւ պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ հրապարակուի, ձեւական առումով կը նկատուի, որ օրէնքը գործող է, բայց իրականին մէջ ինչպէս մենք ըսած ենք, հակասահմանադրական օրէնք է ասիկա, եւ մենք կը վիճարկենք այս օրէնքը», ըսաւ պատգամաւորը:

Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ տակաւին քառեակը որոշում չունի, սակայն կրնայ ըսել, որ միասնական քննարկման իբրեւ արդիւնք պիտի որոշեն ինչպէս վիճարկել օրէնքը:

«Մենք յստակ որակած ենք, որ ատիկա հակասահմանադրական օրէնք է, եւ մենք պիտի վիճարկենք այդ օրէնքը, թէ ի՛նչ ընթացակարգով եւ ի՛նչ պիտի ընենք քննարկման ծիրին մէջ, ատիկա պիտի որոշուի:

«Խնդիրը այն է, որ այսօրուան գործող օրէնսդրութեան ծիրին մէջ իրաւական ուժ չունեցող աքթի կիրարկումը կը յառաջացնէ քրէական պատասխանատուութիւն: Ատիկա կը նշանակէ, որ իշխանութիւնը պարտաւոր է շահագրգռուած ըլլալ, որ օրէնքը կիրարկում չունենայ, բայց ընթացքը այս պահուն դժուար է գնահատել` նման ցանկութիւն կ՛ունենա՞ն, թէ՞ ոչ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով 21 օրուան ժամկէտ նախատեսուած է, եւ այդ ժամկէտին ընթացքին է, որ երկրին նախագահը կը ստորագրէ օրէնքները, սակայն Արծուիկ Մինասեանի համոզումով` ակնյայտ է, որ աւելի արագ պիտի գործեն:

«Եթէ 1 յուլիսէն սկսեալ պիտի գործէ, հասկանալի է, որ աւելի արագ պիտի գործեն® թէ ինչ ռազմավարութիւն կ՛որդեգրեն այս Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները, ցոյց կու տան քննարկումներու արդիւնքները»:

Ընդունուած նախագիծով պարտադիր ընկերային վճարները կը վերաբերին բոլորին, որոնք 1974-էն ետք ծնած են:

«Պետական մարզին մէջ բոլորին, իսկ սեփական մարզին մէջ` անոնք, որոնք չեն ցանկար, գրաւոր կը դիմեն, իսկ 1 յունուար 1996-էն ետք ծնածները թէ՛ սեփական, թէ պետական մարզին մէջ պարտադիր պիտի ընդգրկուին համակարգ»:

Պատգամաւորը այնուամենայնիւ յոյս յայտնեց, որ ոչ իշխանական քառեակը կը գտնէ խնդիրի հակասահմանադրական օրէնքի շրջանցման կարելիութեան տարբերակ:

 

 

Նախորդը

Ըստ Աղաբեկեանի. Որեւէ Պաշտօն Ստանձնելու Համար Կարեւոր Է Քաղաքական Կամքի Դրսեւորումը

Յաջորդը

Հայկական Պատուիրակութիւնը Պաքու Կը Գտնուի

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.