Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ձերբակալեալ Մահմուտ Խալետի հետ կատարուած հարցաքննութիւնը փաստած է, թէ Աքքարի Ֆնայտեք գիւղին մէջ կը գտնուի զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոց մը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակի մէկ զօրամասը ներխուժած է նշեալ վայրը եւ գրաւած մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ հրասանդներ, ձեռնառումբեր, պայթուցիկ նիւթ եւ պողպատեայ գունդեր, որոնք կ՛օգտագործուին ականուած գօտիներ պատրաստելու նպատակով:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած Մունզեր Խալտուն Հասանի լուսանկարէն բացի, հետաքննութիւնները ի յայտ բերին, որ Մունզեր Հասան Մոհթասեմ Հասանի եւ Հասան Հասանի եղբայրն է:
Մոհթասեմ Հասան (ճանչցուած` Ապու Մոհազ անունով) եւ Հասան Հասան (ճանչցուած` Ապու Օսման անունով) Ժունտ Շամի անդամներ են, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կատարած են:
«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, Մունզեր Խալտուն Հասանի եղբայրներէն մէկը բանտարկուած է եւրոպական երկրի մը մէջ` գնացքներ պայթեցնելու ամբաստանութեամբ, իսկ անոր միւս երկու եղբայրները Ռումիէի արգելափակեալներ են:
Անոնք մաս կը կազմեն Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներու խմբաւորումին:
Հասան եղբայրները ունին նաեւ այլ ազգական մը, որ ինքզինք ականուած գօտիով մը պայթեցուցած է 20 մայիս 2007-ին, ապահովութեան ուժերուն եւ Ֆաթհ Իսլամին միջեւ Նահր Պարետ գաղթակայանի բախումներուն ընթացքին:
Հետաքննութիւնները փաստեցին նաեւ, որ Մունզեր Հասան միայն գումակային դերակատարութիւն չունի, այլեւ` համադրողի դերակատարութիւն: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Հասան լիբանանցի բարձրաստիճան զինուորական մը սպաննելու նպատակով Լիբանան հասած սէուտական խմբակին յայտնած է, թէ անոնց ստանձնելիք գործողութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է:
Նշենք, որ Ռաքքայի մէջ գործող ՏԱՀԵՇ-ի «Թաուհիտ» փաղանգի իշխանը յանձնարարած է Ռաուշէի ահաբեկիչներուն Թուրքիայէն ուղղուիլ Լիբանան, ուր անոնք դիմաւորուած են Հասանի կողմէ, որ նաեւ ապահոված է անոնց ականուած գօտիները եւ ճշդած, թէ անոնք «Սահա» ճաշարանին մէջ պիտի կատարեն իրենց անձնասպանական գործողութիւնը:


