
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ արտաքին իր քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ Թեհրան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Լիբանանին, որ շրջանին մէջ իւրայատուկ եւ բացառիկ դիրք մը ունի:
Ան շեշտեց, որ Իրանի համար Լիբանան օրինակելի երկիրն է ազգային միասնականութեան, համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան: «Այս առումով Թեհրան կը զօրակցի Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան պահպանումին», ըսաւ ան:
Ալի աւելցուց, որ ինք Պասիլի ներկայացուցած է իր շնորհաւորութիւնները, որոնք ուղղուած են Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն` բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ծիրին մէջ կատարուած նուաճումներուն առիթով:
Ան Լիբանանին բարօրութիւն եւ կայունութիւն մաղթեց:
Պասիլ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Հանդիպումին ընթացքին Ալի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանի մէջ սուրիական գաղթակայաններու կառուցումը, որովհետեւ սուրիացի քաղաքացիները պիտի վերադառնան Սուրիա:


