
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ֆաթհի հաշտութեան թղթածրարի պատասխանատու, պաղեստինցի ղեկավար Ազզամ Ահմետը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ահմետ յայտնեց, որ ինք վարչապետին փոխանցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ փոխանցած է պաղեստինեան դատին վերաբերող վերջին զարգացումները, յատկապէս` պաղեստինեան ազգային միասնականութեան դահլիճի կազմութեան նուաճումը:
Ահմետ յայտնեց, որ այդ կառավարութիւնը պատճառ դարձած է, որ Իսրայէլ պաղեստինեան ղեկավարութիւններուն վրայ յաւելեալ պատժամիջոցներ պարտադրէ:
Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան զինուորական արշաւին ընթացքին ձերբակալուած են աւելի քան 600 պաղեստինցի քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան իշխանութիւնները կը շարունակեն քանդել բնակարաններն ու տարբեր շրջանները:
Ահմետ հաստատեց, որ պաղեստինեան գաղթակայանները կը գտնուին լիբանանեան իշխանութեան վերահսկողութեան տակ` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են կատարեալ զօրակցութիւն ցուցաբերելու լիբանանեան պետութեան նկատմամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի եւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովութիւնը:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի նոր դեսպան Մոհամետ Ալի Ֆաթեհը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Ֆաթեհ ցաւակցութիւն յայտնեց վարչապետին Լիբանանը հարուածած երկու պայթումներուն պատճառած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակը եւ ապահովական կառոյցները շնորհաւորեց ահաբեկչական ծայրայեղական եւ հաւատադրժողական այս խմբաւորումներուն դէմ դնելու անոնց ջանքերուն առիթով:
Վարչապետ Սալամի այցելեց Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Մույին Մերեհպի շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սալամին` Թուֆէյլի բնակիչներուն զօրակցելուն առիթով:
Սալամի հետ հանդիպումէն ետք Մերեհպի ողջունեց Աքքարի բնակչութեան զօրակցութիւնն ու անոնց նկատմամբ կատարուած օժանդակութիւնները` ընդգծելով, որ Աքքար որբ չէ, ինչպէս նաեւ անոր բնակիչները իրենց արդար հատուցումը կը պահանջեն:


