Ճատրակի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, որ ներկայիս Հայաստան կը գտնուի, Տաթեւի վանք այցելելէ ետք Գուրգէն Խանճեանի անուան սրահին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` ներկայութեամբ հայրենի յառաջատար ճատրակ խաղացող Լեւոն Արոնեանին:
Քարլսըն յայտնեց, որ իսկապէս մեծապէս տպաւորուած է Հայաստանի մէջ ճատրակին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող խանդավառութեամբ:
Ան աւելցուց նշելով, որ իր կատարած շրջագայութիւններէն ետք իսկապէս հիացած է երկրին բնութեամբ:
Վերջապէս, ան անդրադառնալով մօտերս սկսելիք ճատրակի ողիմպիականին, յայտնեց, որ իր երկիրը եւս Հայաստանի նման բացառիկ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ:


