Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Յունիս 1964)

June 25, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդար Վարձատրութիւն

Կրթական տարին արդէն իր լրումին կը հասնի: Դպրոցները հանդէսներու մէջ են, ու քանի մը օրէն մեր պզտիկները իրենց վկայականներով տուն կը դառնան:

Կրթական տարին կը լրանայ:

Բնականօրէն կը մոռնանք անցնող տարին: Կը մոռնանք անցնող տարին: Կը մոռնանք բոլոր այն դժուարութիւնները, զորս դպրոցը կրեց մեր պզտիկներուն համար: Կը մոռնանք… բայց, եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք անցնող տարուան վրայ, եթէ ուզենք քիչ մը դանդաղիլ` կարենալ լաւապէս գնահատելու դպրոցին, հայ դպրոցին դերը սերունդներու պատրաստութեան գործին մէջ, ու այն խոշոր զոհողութիւնը, զոր ուխտեալ դաստիարակներ կը թափեն մեր պզտիկներուն մէջ վաղուան մարդը դարբնելու, ահա այն ատեն պիտի կարենանք արժանի վարձատրութիւնը տալ անոնց, որոնք արտասահմանի հազար դժուարութիւններու մէջ հայ կրթարանը կանգուն կը պահեն ու անոնց` այն նուիրեալներուն, որոնց համար ուսուցիչ ըլլալը միայն հացի ճամբայ չէ, այլ նաեւ ու մանաւանդ կոչում է: Հոգիին գոհացում տուող սրտի տրոփ է, ապրում է:

Հայ դպրոցները մէյ մէկ լոյսի կաթնաղբիւրներ են, ուրկէ մեր պզտիկները կ՛երթան իրենց հոգիին հայեցի ծարաւը յագեցնելու: Ահա եւ այդ դպրոցներէն մէկը. Ազգային Կիլիկեան վարժարան: Կը դիտեմ. անշուք, համեստ արտաքին մը, կարծես տուներու հետ նոյնացած, խառնուած անոնց շարքին: Եղած` աչքէ հեռու, հո՞ն, Տորայի մոռցուած փողոցի մը անկիւնը:

Կրթական հաստատութիւն մը, տարածութեամբ պզտիկ, կարծես ժամանակին անփոփ մտահոգութեամբ շինուած: Բայց այսօր, երբ շուրջի շինութիւնները հսկայական ծաւալ առած են, ու հայերու թիւը` խոշոր համեմատութեամբ աւելցած, այս դպրոցը իր ներկայի շինութեամբ պզտիկ է` գոհացում տալու տարուէ տարի առաւել թիւով դիմում ընող աշակերտութեան:

– Ամէն տարեմուտի բաւական թիւով աշակերտութիւն կը մերժենք, սրտցաւօրէն, տեղի նեղութեան պատճառով:

Այսպէս արտայայտուեցաւ տնօրէնուհին` տիկին Մուրատեան: Ու կը փափաքին… կը փափաքին, որ վերջի յարկը շինուի, ամբողջանայ: Դասարանները շատնան, որպէսզի հայ մանուկը չմերժուի, որպէսզի հայ մանուկը չմերժուի, որպէսզի իրենք ալ աւելիով տան իրենց նուիրումի բաժինը:

Խոշոր կամ դժուար իրագործելի փափաք մը չէ այս: Դրուած հիմին վրայ քանի մը քար եւս աւելցնել, օճախը կ՛ուզեն աւելի մեծցնել, օճախը կ՛ուզեն աւելի շէնցնել, գեղեցկացնել, որ աւելի լոյս տայ, որ աւելի հոգեկան ջերմութիւն տայ օտարութեան մէջ հայ բարբառին կարօտով ընձիւղող հայ մանուկին:

Ու ես հիացումով կը դիտեմ մաշած, տառապած դէմքով ու յոգնած նայուածքով կրթական սա մշակը ու կը զգամ, թէ ան այս տարիքին արդէն հանգիստի պէտքը ունի: Բայց անոր վճռական արտայայտութիւնը, որ սրտին խորերէն դուրս կու գար, ինծի մտածել կու տայ:

Երանի կարելիութիւնը ըլլայ գոհացում տալու կրթական այս մշակին` լայնցնելով այս դպրոցը, որուն թաղականութեան եւ ուսուցչական կազմին գործունէութեան փաստը յաճախ տեսած, զգացած ենք, տանք, ըլլանք զօրավիգ անոնց, որոնք կը սիրեն աշխատիլ ու մանաւանդ գիտեն աշխատիլ:

Ու հիմա`

Որ հայը պիտի ուզէր նախաձեռնութիւնը ընել հայ կրթական օճախին վրայ երկու քար եւս աւելցնելու, ու մանաւանդ` առաւել պարտք է այն ծնողներուն, որոնց զաւակները Ազգ. Կիլիկեան վարժարան կը յաճախեն: Պզտիկ նուիրատուութիւն մը, ու վստահ ենք, որ ժրաջան թաղականութիւնը կը շարժի ու թող շարժի նուիրատուն փնտռելու: Տորան գեղեցիկ դպրոցի մը պէտք ունի:

Ս. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայկական Ցեղասպանութեան Վաթսունամեակի Համահայկական Փառահեղ Հանդիսութիւնները

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.