Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հանդիպումը Նախագահ Սարգսեանի Եւ Արտաքին Գործոց Նախարար Նալբանդեանի Հետ

June 24, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան եւ Լաւրով
Նախագահ Սարգսեան եւ Լաւրով

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Նախագահը վստահութիւն  յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի ներկայիս այցելութիւնը, ինչպէս անոր նախկին այցելութիւնները, արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ եւ կարեւոր քայլ պիտի դառնայ երկու պետութիւններուն միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման առումով:

Սարգսեան ընդգծեց, որ Ռուսիոյ նախագահի պետական այցելութեան եւ անցեալ տարուան սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ, այնուհետեւ այս տարուան 7 մայիսին տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները հարստացուցած են երկկողմ օրակարգը, եւ անոնց իրականացումը շատ լուրջ խթան կը հաղորդէ երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան բոլոր մարզերուն մէջ` սկսեալ արտաքին քաղաքականութեան գործունէութեան գործակցութենէն մինչեւ մարդասիրական մարզին մէջ համագործակցութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Հայաստան տրամադրուած է աշխուժ եւ լուրջ աշխատանքի, որովհետեւ միայն նման մօտեցում կը համապատասխանէ երկու ժողովուրդներու միջեւ պատմական աւանդութիւններուն եւ ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած դաշնակցային ու ռազմավարական յարաբերութիւններուն:

Փոխանցելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ջերմ ողջոյնները` Լաւրով  վստահեցուց, որ Փութին յանձնառու է այն համաձայնութիւններուն, որոնք Սարգսեանի հետ ան ձեռք բերած է անցեալ տարեվերջին Հայաստան պետական այցելութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի  մէջ 8 մայիսին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, ըսուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան  եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիա Կը Փորձէ Նպաստել Հայ-Թրքական
Յարաբերութիւններու Բնականոնացման

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպումէն ետք Լաւրով տեղեկացուց իր այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ բանակցութիւններու մասին, որոնց ընթացքին, ըստ Լաւրովի, բարձր մակարդակի համաձայնութիւններու տեսանկիւնէն  քննարկուած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգի հարցերու ամբողջ շրջանակը, ընդգծուած է բոլոր ուղղութիւններով աշխուժ աշխատանքը ե՛ւ երկկողմ ձեւաչափով` օրակարգի առեւտրական-տնտեսական, ռազմական-արհեստագիտական, մարդասիրական մարզերուն մէջ, ե՛ւ հայ-ռուսական բազմածրագիր համագործակցութեան առումով` նախ եւ առաջ  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, ուր Հայաստանը եւ Ռուսիան դաշնակիցներ են եւ յուսալի բարեկամներ, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ:

Սերկէյ Լաւրով տեղեկացուց, որ իր հայ գործընկերոջ հետ քննարկած է Եւրասիական տնտեսական համարկման Հայաստանի միանալու հոլովոյթները: Ան յոյս յայտնեց, որ այսօր լաւ լուրեր կը հասնին Սոչիէն, ուր տեղի կ՛ունենան համապատասխան խորհրդակցութիւններ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ  քննարկուած են նաեւ ամենատարբեր միջազգային կառոյցներուն մէջ` ՄԱԿ, ԵԱՀԿ, Եւրոպական խորհուրդ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութիւն, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղած է արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ երկու երկիրներու գործողութիւններու համակարգման:

Ըստ Լաւրովի, հայ գործընկերոջ հետ բանակցութիւններու ժամանակ քննարկուած է իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, մտքեր փոխանակուած են Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակին շուրջ: Բնականաբար, քննարկուած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման խնդիրը, ուր Ռուսիա, ըստ Սերկէյ Լաւրովի, հաւատարիմ է այն սկզբունքներուն, որոնք բազմիցս հաստատուած են երեք համանախագահող երկիրներու նախագահներուն կողմէ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր կարգին նշեց, որ Ռուսիա կը փորձէ նպաստել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման:

Հանդիպման մասնակիցները հանգամանօրէն քննարկած են բոլոր ուղղութիւններով հայ-ռուսական բարձր մակարդակի համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը, նախանշած են երկկողմ եւ բազմակողմ գործակցութեան ամրապնդման ուղղուած հետագայ ընելիքները:

 

Նախորդը

Շփման Գիծին Վրայ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Զինադադարը Խախտուած Է 700 Անգամ

Յաջորդը

Շումախըր Մինչեւ Իր Կեանքին Աւարտը Հաշմանդամ Կրնայ Մնալ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.