
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական խախտումները, ինչպէս նաեւ ուրբաթ օրուան պայթումն ու սպայի մը սպանութիւնը Միացեալ Նահանգները կը մղեն հաստատելու, որ անոնք յանձնառու կը մնան կայուն Լիբանանին:
Հէյլ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանին տրամադրուլիք Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ պատերազմին ունեցած հետեւանքները:
«Լիբանանի մէջ գործող կառավարական եւ ապահովական հաստատութիւնները լուրջ աշխատանք կը տանին պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ եւ պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան` հաստատելով, որ Ուաշինկթըն նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի եւ պատրաստ է օժանդակելու անոր:
Հէյլ ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտող բացթողումներուն լուծում մը պէտք է գտնել` կառչած մնալով «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ Սուրիոյ պատերազմին նկատմամբ չէզոք կեցուածքին:
Հէյլ շեշտեց նաեւ, որ շրջանին ճակատամարտները Լիբանանի մէջ պէտք չէ ընթանան, «իսկ լիբանանցիները պէտք է հանրապետութեան նախագահ մը ընտրեն» եզրափակեց ան:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրավիճակին կապուած հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ճիանկ Ճիանկ:


