Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Տահեշ Յաւելեալ Քաղաքներ Կը Գրաւէ. Խամենէի. «Մենք Դէմ Ենք Իրաքի Մէջ Ամերիկեան Կամ Այլ Միջամտութեան»

June 23, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այաթոլլա Խամենէի
Այաթոլլա Խամենէի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի երէկ յայտարարեց. «Իրաքի մէջ պատերազմը այդ երկիրը ամերիկեան հովանաւորութեան տակ գտնուիլ ուզողներուն եւ զայն ազատ ու անկախ ուզողներուն միջեւ է»:

«Իրաքի մէջ սադրանքին ետին կը կանգնին Ամերիկան, արեւմտեան մեծ տէրութիւններն ու Իսրայէլը: Մենք դէմ ենք իրաքեան հարցերուն մէջ ամերիկեան որեւէ միջամտութեան եւ կը կարծենք, որ Իրաքի ժողովուրդն ու կրօնական հեղինակութիւնները կրնան սադրանքի կրակը մարել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք դէմ ենք Իրաքի մէջ ամերիկեան կամ այլ միջամտութեան»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը նաեւ նշեց, որ այն ինչ որ Իրաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ, շիիներու եւ սիւննիներու միջեւ պատերազմ մը չէ, այլ Իրաքի մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը հարուածելու համար մեծ տէրութեանց կողմէ նախկին վարչակարգի ու հաւատադրժողականներու գործի լծում:

Տահեշ Կը Գրաւէ Ռութպան

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Իրաքի արեւմտեան Անպար նահանգին մէջ գրաւեցին երկու օրուան ընթացքին չորրորդ քաղաքը` Ռութպան, որ Յորդանանի հետ սահմանէն 150 քիլոմեթր արեւելք կը գտնուի: Անոնք նախապէս գրաւած էին Սուրիոյ հետ սահմանային անցք մը, որ կը գտնուի Քայիմ քաղաքին մօտ` միօրեայ բախումներու ընթացքին սպաննելով 30 զինուորներ: Ըստ ըմբոստներուն, բանակայինները լքած են իրենց շրջանային հրամանատարութեան կեդրոնը, զօրանոցներն ու զէնքերը եւ փախուստի դիմած:

Շաբաթ օր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւած էին Եփրատի հունին վրայ գտնուող Ռաուա եւ Անահ քաղաքները:

Իրաքեան բանակէն բանբեր մը Ռաուայէն, Անահէն եւ Քայիմէն նահանջը նկատեց «մարտավարական քայլ մը… ուժերու վերադասաւորման նպատակով»:

Իրան Իրաքի Կը Վերադարձնէ Քսան Տարի Առաջ
Իր Գրաւած Զինուորական 130 Օդանաւերը

Իրաքեան զինեալ ուժերու բանբեր Քասեմ Աթա յայտարարեց, որ Իրան Իրաքի վերադարձուցած է 20 տարի առաջ գրաւած 130 իրաքեան զինուորական օդանաւերը` զանոնք օժտելէ ետք արդիական զէնքերով: Աթա նշեց, որ այդ օդանաւերը պիտի մասնակցին Մուսուլը ազատագրելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուելիք ճակատամարտին:

Երկու շաբաթ առաջ իրաքեան օդուժին ունեցած ամերիկեան «Հելֆայըր» հրթիռները սպառեցան, եւ Իրաք միայն երկու «Սեսնա» տիպի օդանաւեր ունի, որոնք կրնան այդ հրթիռները արձակել:

Յիշեցնենք, որ Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգը ամերիկեան ուժերու Իրաք ներխուժման ընթացքին իր զինուորական օդանաւերը բնաջնջումէ փրկելու համար յանձնած էր Իրանին:

 

Նախորդը

Օպամա. «Ասատը Պարտութեան Մատնելու Կարող Չափաւորական Ընդդիմութիւն Մը Գոյութիւն Չունի»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։