Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՓԻՒՌՔԻ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

July 8, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սփիւռքահայ երիտասարդ լրագրողները (Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի)

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ 11-րդ օրն ըլլալով սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներու երիտասարդ լրագրողներու դպրոցը կը շարունակէ իր աշխատանքները: Այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 18 լրագրողներ 11 երկիրներէ` Հնդկաստան, Էսթոնիա, Լոնտոն, Հոլանտա, Իրան, Եգիպտոս, Սուրիա, Ռուսիա, Վրաստան, Աբխազիա եւ Լիբանան: «Ազդակ»ի աշխատակազմէն այս դպրոցին կը հետեւի երիտասարդ լրագրող Արազ Գոճայեան, որ երէկուան իրենց աշխատանքներուն մասին հետեւեալ լրատուութիւնը փոխանցեց:

Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողներու բաժանմունքի շէնքին մէջ տեղի ունեցող դասախօսութիւններուն շարքին երէկ` հինգշաբթի, 7 յուլիսին աւելցան երեք նոր դասախօսութիւններ:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութեան խմբագիր Հրայր Զօրեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայաստանի լրատուամիջոցներուն իրավիճակը Խորհրդային Միութեան շրջանին եւ այսօր, երբ Հայաստանը անկախ է: Ապա ան խօսեցաւ լրագրական ասպարէզի կարեւորութեան եւ լրագրողներու պատասխանատու կեցուածքի տէր ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին:

Ապա ուղղակի կապ հաստատուեցաւ Պէյրութ` համացանցային «Սքայփ» դրութեան միջոցով, եւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ տպագիր ու ելեկտրոնային մամուլի կարեւորութիւնը: Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ Հայ դատի պայքարին մէջ մամուլին ունեցած ուրոյն դերակատարութեան ու կարեւորութեան մասին` դիտել տալով, որ պէտք է նաեւ ունենանք թրքատառ մամուլ, որպէսզի հասանելի ըլլանք թուրք հանրութեան եւս եւ Հայոց ցեղասպանութեան ու Արցախի հարցերուն վերաբերեալ քարոզչութիւն կատարուի, եւ ճշմարտութիւնները թափանցուին թրքական իրականութեան մէջ:

Մշակութաբան եւ Լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս Հրաչ Բայադեան ներկայացուց «Համաշխարհայնացման տեղեկատուութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ այս մարզի արհեստագիտութեան մասին` լուսարձակի տակ առնելով արդիական միջոցները դրական կերպով ծառայեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետեւ լրագրողները հանդիպում ունեցան Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ, որուն հետ փոխանակեցին այս ծրագիրին վերաբերեալ կարծիքներ ու տպաւորութիւններ:

Նշենք, որ լրագրողները ծրագիրի աւարտին` 15 յուլիսին պիտի ներկայացնեն իրենց աւարտաճառերը, որոնք իբրեւ ուսումնասիրութեան աղբիւր պիտի օգտագործուին Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին մէջ, ինչպէս նաեւ ծրագիրին հետեւողները պիտի ստանան համապատասխան վկայականներ:

Նախորդը

«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑԻՆ «ՄՈՊԱՅԼ-ՀԵԼԹ ՍՈԼԻՈՒՇԸՆ» ԾՐԱԳԻՐԻ ՍԿԻԶԲԸ

Յաջորդը

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱՆՅԱՊԱՂ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՄԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.