Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑԻՆ «ՄՈՊԱՅԼ-ՀԵԼԹ ՍՈԼԻՈՒՇԸՆ» ԾՐԱԳԻՐԻ ՍԿԻԶԲԸ

July 8, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռալֆ Եիրիկեան կը ներկայացնէ նոր ծրագիրը

Հայաստանի բջիջային հեռաձայնի յառաջատար ընկերութիւնը` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» եւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը երէկ յայտարարեցին «Մոպայլ-հելթ Սոլիուշըն» ծրագիրի սկիզբը:

«Մոպայլ-հելթ սոլիուշըն» ծրագիրը հիւանդներուն կարելիութիւն կու տայ տնային պայմաններուն մէջ անցնելու բժշկական ստուգումները եւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի ցանցիՆ միջոցով այդ տուալները ուղարկելու բժիշկին` հետագայ հետազօտութեան համար:

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը, «Էմ. Թի. Էս.» բակ բաժնետիրական ընկերութեան դուստր ընկերութիւնը, ստանձնած է 7,8 եւ 9 յուլիսին Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած 3-րդ համաշխարհային համագումարի գլխաւոր հովանաւորութիւնը: Ձեռնարկին հովանաւորութենէն զատ, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը եւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը քոնկրեսին կայացման օրերուն ներկայացուցին «Մոպայլ-հելթ սոլիուշըն» նորարական լուծումը, որուն հիմքին մէջ «Էրիքսըն» ընկերութեան «Էմ.հելթ» անլար արհեստագիտութիւնն է: Վերջինիս նպատակն է ստեղծել նոր կատարելագործուած միջոցներ` բնակչութեան համար առողջապահական ծառայութիւններու հասանելիութիւնը ապահովելու համար:

«Էմ.հելթ» արհեստագիտութիւնը աւելի յաճախ կը կիրարկուի բջիջային հաղորդակցութեան սարքերուն հետ` զգալիօրէն նպաստելով որակեալ առողջապահական ծառայութիւններու ապահովման: Առաջին անգամ Հայաստանի մէջ այսպիսի կարելիութիւններ հասանելի կը դառնան «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան շնորհիւ:

Այս լուծումը բժիշկին կարելիութիւն կու տայ հեռաւորութեան վրայ հսկողութիւն սահմանելու հիւանդին առողջութեան նկատմամբ: Հիւանդը կարելիութիւն կը ստանայ բժշկական քննութեան ենթարկուելու տնային պայմաններուն մէջ եւ որեւէ պահու բժիշկին «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի ցանցին միջոցով ուղարկելու իր առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւնները` բժիշկին կողմէ շարժական յատուկ սարքաւորումներու միջոցով զանոնք վերլուծելու համար:

««Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը` հանդիսանալով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մարզին յառաջատարը, ինչպէս միշտ կ՛առաջնորդէ հանրութեան բարօրութեան նպաստող նորարական լուծումներու մարզին մէջ: Այսօր մենք կը ներկայացնենք կենսական մեծ նշանակութիւն ունեցող մարզերէն մէկուն` առողջապահութեան մէջ յաջորդ նորարարութիւնը: Մենք կը տրամադրենք հանրապետութեան մեծագոյն ծածկոյթը ունեցող շարժական ցանցը եւ արհեստագիտական միջոցները մեր այն հայրենակիցներուն, որոնց համար բժիշկի շարունակական հսկողութեան տակ գտնուիլը չափազանց կարեւոր է: Միւս կողմէ, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը նորարական լուծումներ կը կիրարկէ առողջապահութեան մարզին մէջ գործնական աշխատանքի մէջ ներգրաւուած մարդոց առօրեան դիւրին դարձնելու համար` անոնց տրամադրելով ժամանակակից բարձրորակ եւ արդիւնաւէտ միջոցներ», յայտարարեց «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Համագումարին ընթացքին հայաստանցի եւ արտասահմանցի մասնագէտներ անդրադարձան առողջապահութեան մարզի շարք մը խնդիրներու: Կազմակերպուեցան նեղ մասնագիտական քննարկումներ:

Նախորդը

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ «ՂԱՐԱԲԱՂ ԿԱՄ ՄԱՀ» ՑՈՒՑԱՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՎ ՑՈՅՑ

Յաջորդը

ՍՓԻՒՌՔԻ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.