Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻԱ- ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱ – ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՊԱՀՈՎ ՄԻՋԱՆՑՔՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ

July 8, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական «Թըշրին» օրաթերթը կը գրէ, որ Սուրիոյ տագնապը իր աւարտին մօտեցած է` նշելով, որ «գոյութիւն ունին իրենց գնահատականներուն եւ դիրքորոշումներուն մէջ աճապարած արաբական եւ արեւմտեան կառավարութիւններ, որոնք սկսած են իրենց կեցուածքները սրբագրել ե՛ւ փափաք յայտնած են սուրիական ղեկավարութեան հետ յարաբերութիւններ մշակելու»:

Օրաթերթը նշեց, որ գոյութիւն ունի արեւմտեան պետութիւն մը, որ Դամասկոս պատուիրակներ ուղղարկելով ներում հայցած է, պայմանաւ որ մօտիկ անցեալը մոռցուի եւ յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց սկզբնական կէտին: Օրաթերթը յայտարարեց, որ «ամէնէն ուշը քանի մը օր կամ շաբաթ ետք այս առումով բազմաթիւ անակնկալներ ի յայտ պիտի գան եւ անոնց հետ ի յայտ պիտի գայ, որ Սուրիան որքա՛ն բարի կամեցողութիւն ցուցաբերած է արաբական, շրջանային եւ միջազգային իր կարգ մը յարաբերութեանց ծաւալման մէջ»:

Օրաթերթը կ՛եզրակացնէ, որ «սուրիական տագնապը արդէն կամ գրեթէ անցեալին կը պատկանի»: Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Սուրիա այսօր աւելի ուժեղ դարձած է եւ «անիկա անպայման կը պատրաստուի իր յարաբերութեանց հաշիւներէն շատերը վերատեսութեան ենթարկելու»:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը երեքշաբթի օր հաղորդեց, որ Անգարա Դամասկոսը գզուշացուցած է` յայտնելով, որ «մենք գաղթակայանին դէմ որեւէ սուրիական գործողութիւն մեզի դէմ եղած գործողութիւն մը պիտի նկատենք»:

Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանը երէկ կոչ ուղղեց` գաղթականներուն օժանդակութիւն տրամադրելու համար Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ապահով միջանցք մը ստեղծելու, իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց` դատապարտել սուրիական վարչակազմին կողմէ «հետզհետէ աճող բռնութիւնը»:

Եւրոպական խորհրդարանը ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց օժանդակելու Թուրքիոյ եւ Լիբանանի, որպէսզի անոնք դիմակայեն սուրիացի գաղթականներու հոսքի տագնապը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն եւ Սուրիոյ միջեւ ապահով անցք մը հաստատելու:

Սուրիական  «Ուաթան» օրաթերթը կը գրէ, որ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները «անորոշ ժամանակով» պիտի յետաձգուին եւ պիտի կատարուին քաղաքական նոր պայմաններու մէջ, երբ երկրին մէջ որդեգրուի բազմակուսակցականութիւն եւ սահմանադրական բարեփոխումներ կատարուին:

Ներկայ խորհրդարանը, որուն լիազօրութիւնները կ՛աւարտին օգոստոսի սկիզբը, ըստ օրէնքի, կրնայ յաջորդ ամիս նիստ հրաւիրել` քննարկելու համար կուսակցութիւններու եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու, ինչպէս նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին նոր օրէնքները, որոնց շարքին չեղեալ յայտարարումը սահմանադրութեան 8-րդ յօդուածին, ուր կ՛ըսուի, որ Պաաս կուսակցութիւնը կը հանդիսանայ «հասարակութեան ուղին ճշդող եւ ղեկավար ուժը»:

 

 

Նախորդը

ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԵՒ ԺԻՒՓԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ

Յաջորդը

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ «ՂԱՐԱԲԱՂ ԿԱՄ ՄԱՀ» ՑՈՒՑԱՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՎ ՑՈՅՑ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.