Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ երէկ Փարիզի մէջ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպում ունեցած է:
Անոնք 24 յունիսին Քազանի մէջ տեղի ունեցած նախագահներու եռակողմ հանդիպումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարները քննարկած են: «Այս այցելութիւնը կը վկայէ Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաստատուած խոր բարեկամական յարաբերութիւններուն մասին», ըսած է Ժիւփէ` աւելցնելով, որ երկու երկիրներու համագործակցութեան օրակարգին վրայ են Ազրպէյճանի մէջ ֆրանսական ներդրումներու հեռանկարները, տնտեսական եւ առեւտրական կապերու զարգացումը:


