Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Մեր Նախագահական Թեկնածուն Հանրի Հըլուն Է, Եւ Այդ Թեկնածութիւնը Յետս Պիտի Չկոչենք»

June 20, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1906Jumblatt_HelouԸնկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ են, եւ ո՛վ որ կը փափաքի զօրակցիլ անոնց թեկնածութեան, ազատ թող զգայ: «Մեր նախագահական թեկնածուն Հանրի Հըլուն է, եւ ի՛նչ ալ ըլլան տիրող տարազներն ու պայմանները, մենք այդ թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչենք, որովհետեւ ան չափաւորական անձնաւորութիւն մըն է», ըսաւ ան:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ զօր. Աունի զօրակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ասատէն զօրակցութիւն ստանալը ինք հպարտալի բան չի նկատեր: Ան աւելցուց, որ ինք Մարտ 14-ի կամ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս չի կազմեր, հետեւաբար զօր. Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ սկսած երկխօսութեամբ չէ հետաքրքրուած:

Ժոմպլաթ հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը անհրաժեշտ նկատեց` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապալի կեանքն ու մնայուն կերպով աշխատաւորական եւ պաշտօնէական գործադուլերուն պատճառը նախկին կառավարութեան դրած գրաւներն էին, որոնք սերտուած չէին եւ երկրին տնտեսութեան վնաս հասցուցին:

Ան հաստատեց, որ նախքան աշխատավարձի յաւելումները կատարելը, պէտք է վարչական փտածութեան դէմ պայքարիլ:

Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ անոնցմէ պահանջելը, որ իրենց տուները վերադառնան, տրամաբանական չէ` նկատի ունենալով, որ անոնք ամէն բան կորսնցուցած են, իսկ Լիբանանի մէջ անոնց յատուկ գաղթակայաններու կառուցումը մերժելը մեծագոյն սխալն էր:

 

 

Նախորդը

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանանի Ապահովութիւնը Խախտի, Այլ` Պիտի Աշխատինք Զայն Ամրապնդել» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

Աշխատավարձերու Յաւելումներուն Մասին Տարակարծութիւնները Տակաւին Առկայ Են

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.