Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ շեշտեց, որ գործակցութիւնը այս կամ այն խմբաւորումին կամ երրորդի մը շահերուն հաշուոյն երկու խմբաւորումներու միջեւ կարելի չէ գոյացնել: Պաթրունի արհեստից դպրոցի հիմնարկէքին առիթով արտասանած իր այս խօսքին մէջ
Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան իսկական երաշխիքը լիբանանցիներուն միջեւ ազգային իսկական համախոհութիւնն է:
«Պէտք է վերջ տալ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն: Մենք Լիբանանի մէջ չենք փափաքիր ունենալ ոեւէ նախագահ մը, իսկ ոմանք ներկայիս լիբանանցիները կը փորձեն համոզել, թէ նախընտրելի է ոեւէ նախագահ ունենալ, քան թափուր աթոռը: Կը պահանջենք հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ կը ներկայացնէ Լիբանանը», ըսաւ ան:
Պասիլ մերժեց վարչապետին յատկացուելիք իրաւասութիւնները քննարկումի առարկայ դարձնել` աւելցնելով Լիբանանի ապահովութիւնը պահպանելու եւ Իսրայէլի ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ամուր կերպով տանելու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ հիմնելու հաւանականութեան` Պասիլ անկարելի նկատեց Լիբանանի մէջ սուրիական պաշտօնական գաղթակայաններու հաստատումը:


