Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Պաշշար Ասատին` Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին վերընտրուելուն առիթով:
«Լիայոյս եմ, որ ազգային երկխօսութեան միջոցով Սուրիա պիտի յաջողի վերագտնել իր խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը` յանուն սուրիացի ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ բարօրութեան: Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին` յարատեւ խաղաղութիւն», ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:


