Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագով Դիմատետրի իր էջին վրայ հաղորդած է, որ ուքրանական ուժերը իրենց հսկողութեան տակ առած են Տոնեցքի շրջանին մէջ գտնուող Մարիուփոլ քաղաքը:
Աւագով Դիմատետրի իր էջին վրայ մասնաւորաբար գրած է. «Մարիուփոլի քաղաքային խորհուրդի շէնքին վրայ կը ծածանի ուքրանական դրօշը»:
«Քորեսփոնտընթ» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Տոնեցքի հանրապետութեան ղեկավարութիւնը հինգշաբթի երեկոյեան յայտարարած է, որ երեք հրասայլ ստացած է:
«Մենք կը հաստատենք, որ հրասայլեր ստացած ենք: Այդ հրասայլերը պիտի ուղարկուին աւելի բարդ ուղղութիւններով», հաղորդած են ղեկավարութեան ներկայացուցիչները:
Ըստ որոշ տուեալներու, հրասայլերէն մէկը այժմ մարտի մեկնած է Տոնեցքի մարզի Սաուր Մոկլիա շրջան: Թէ ուրկէ ստացած են հրասայլերը, զինեալները չեն յայտներ:
Ականատեսներ կը հաղորդեն, որ խօսքը «Թի-70» եւ «Թի-72» հրասայլերու մասին է:
Աւագով իր կարգին յայտարարած է, որ գրաւուած անցակէտերու միջոցով Ռուսիայէն զինուորական շարասիւն մուտք գործած է Ուքրանիա:
«Հետախուզութեան եւ դէտերու տուեալներով` վերջին երեք օրերուն, հակառակ Ռուսիոյ յայտարարութիւններուն այն մասին, թէ խաղաղ հոլովոյթը կ՛ողջունէ, տեղեկութիւններ կան, որ ահաբեկիչներու կողմէ գրաւուած անցակէտերով շարասիւններ կը ներթափանցեն», յայտարարած է նախարարը:
Ուքրանական ուժերը երէկ խոստացան մինչեւ այսօր փակել Ռուսիոյ հետ սահմանային «բոլոր անցքերը»:


