Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային – Տնտեսական Հարցերը` ՀՅԴ Խմբակցութեան Ուշադրութեան Կեդրոն Վարդանեան. «Ուժանիւթի Համակարգին Մէջ Պէտք Է Կանխատեսելիութիւն Ըլլայ»

June 13, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղուան Վարդանեան
Աղուան Վարդանեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը իր գործառոյթներու սահմաններուն մէջ ներկայացուց ստեղծուած իրավիճակը` ելեկտրուժի գինի թանկացման վերաբերեալ:

Նշենք, որ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Նազարեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ` պարզաբանումներ ներկայացնելով ելեկտրուժի թանկացման վերաբերեալ: «Յստակ է, որ խնդիրը շատ աւելի ընդգրկուն է եւ համակարգային: Այստեղ կայ ընկերային հարց: Տարի մը առաջ բարձրացած է ելեկտրուժի սակագինը, ի վերջոյ, իւրաքանչիւր այսպիսի բարձրացում պիտի ազդէ ապրանքներու ինքնարժէքին վրայ, եւ այստեղ դրուած է կառավարութեան պատասխանատուութեան հարցը», յայտնեց Աղուան Վարդանեան:

Ըստ անոր, երկու հիմնական խնդիրներ կան. առաջինը` Հայաստանի սպառողներու եւ տնտեսութեամբ զբաղողներու համար պէտք է ըլլայ որոշակի կանխատեսելիութիւն ապագայի վերաբերեալ, որովհետեւ բացառուած չէ, որ վեց ամիս ետք, կամ տարի մը ետք անգամ մը եւս յառաջանայ սակագինի բարձրացման խնդիրը: Վարդանեան ընդգծեց, որ անկանխատեսելիութիւնը կը զրկէ մարդոց` իրենց տնտեսական ծրագիրները կազմելու, ինչպէս նաեւ ներդրումներ կատարելու կարելիութենէն, եւ երկրորդը` ընկերային խնդիրներն են: «Ճեղքուածքը, որ կը նկարագրուի, կրնայ փակուիլ այսպիսի այլ աղբիւրներէ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Ըստ Աղուան Վարդանեանի, կայ խնդիր հաշուեքննութեան ենթարկելու ամբողջ ուժանիւթի համակարգը, եւ պետութեան կողմէ համակարգային մօտեցման պարագային կարելի են նաեւ այլ լուծումներ, ամէնէն կարեւորը` կանխատեսելիութիւն պէտք է ըլլայ: «Հայաստանի մէջ ելեկտրուժի գինը էապէս բարձրացած է 1999 թուականէն ետք 2009 թուականին, 2013-ին, եւ հիմա նորէն կը թանկանայ եւ վտանգ կայ, որ ատիկա կրնայ կրկնուող հանգրուան ըլլալ», ըսաւ պատգամաւորը:

Ինչո՞ւ 12 Կէտնոց Պահանջին Մէջ
Չներառուեցաւ Կազի Թանկացումը

Արծուիկ Մինասեան
Արծուիկ Մինասեան

Ազգային ժողովի 4 ոչ իշխանական ուժերու հրապարակած 12 կէտերէ բաղկացած պահանջին մէջ ներառուած են այն խնդիրները, որոնք համաձայնութեամբ ձեւաւորուած են:

Այս մասին News.am-ին յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչու պահանջներուն մէջ չկան կազի եւ ելեկտրուժի թանկացման խնդիրները:

«Ասոնք այն կէտերն են, որոնք յստակ հրատապ լուծում  կը պահանջեն: Մասնաւորապէս կազի մասին, որովհետեւ ստեղծուած յանձնախումբ կայ, եւ կը սպասենք յանձնախումբի արդիւնքներու հրապարակումին, այդ պատճառով չկայ մեր պահանջներուն մէջ: Կային նաեւ շատ մը այլ կէտեր, որոնք քննարկուած էին, օրինակ սահմանադրական բարեփոխումներու վերաբերեալ, համապատասխան համաձայնութիւն չկար կամ յատուկ հոլովոյթներ կը կատարուին այդ ուղղութեամբ, այդ պատճառով այդ կէտերը չկան: Մեր 12 կէտերուն մէջ այն պահանջներն են, որոնց իշխանութիւնները կրնան դիւրութեամբ սահմանուած ժամկէտին լուծում տալ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ քառեակը իր կէտերը հրապարակած է 10 յունիսին եւ ժամանակ տուած իշխանութիւններուն` իրենց պահանջները կատարելու համար:

Այդ կէտերը կը վերաբերին կուտակային կենսաթոշակային համակարգին, շրջանառութեան հարկին, կարմիր գծանշումներուն, գիւղամթերքի արտադրութեան, «Նայիրիտ» գործարանին, «Որոտան» ջրելեկտրակայաններու համալիրի գոյքի վաճառքին, փոխադրամիջոցներու թանկացման, 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգին:

Նախորդը

Դաշնակցութիւն Խմբակցութեան Հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետին Հետ

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղեց Վլատիմիր Փութինին

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։