Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Երկու Այլ Թեկնածուներ Կ՛այցելեն Զօր. Աունի

June 12, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աուն եւ Ֆրենժիէ
Զօր. Աուն եւ Ֆրենժիէ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան եւ կառավարութեան նիստերուն վերաբերող:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք զօր. Աունի հետ նոյն ճակատին վրայ կը գտնուին` ընդգծելով, որ ինք զօր. Աունին վերահաստատած է իր զօրակցութիւնը: «Ես ուրախ եմ, որ զօր. Աուն երազային աշխարհի մէջ չ՛ապրիր եւ հարցերն ու կացութիւնը կը դիտէ իր դաշնակիցներուն 99 առ հարիւրին նման», նշեց ան:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ իրեն համար կարեւոր է, որ քրիստոնեայ Ա. դիրքին տկար թեկնածու մը չհասնի: «Մենք իսկական ներկայացուցիչ մը եւ գործակից մը կ՛որոնենք», յայտնեց ան:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը լաւ խուսանաւումներ կատարած են, եւ նոյնիսկ եթէ մենք 65 քուէ երաշխաւորէինք, անոնք պոյքոթի պիտի ենթարկէին նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերը:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ առանց համաձայնութիւն մը գոյացնելու բոլոր երեսփոխաններուն կողմէ խորհրդարան ուղղուիլը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով, լիբանանցիներուն ուշիմութեան վարկաբեկում է` հաստատելով, որ նախագահական ընտրապայքարը կրնար աւելի լաւ ընթանալ, սակայն արդիւնքը պիտի ըլլար այնպէս, ինչպէս որոշուած է:

«Մենք կը գտնուինք համայնքային եւ յարանուանական երկրի մը մէջ, ուր երեսփոխանական ու նախարարական բոլոր աթոռները բաժնուած են ըստ համայնքի եւ յարանուանական պատկանելիութեան: Հետեւաբար կարելի չէ արգելակել պետական կամ սահմանադրական հաստատութեան մը աշխատանքը` առանց այլ հաստատութիւններու վրայ անոնց հետեւանքը ապահովելու: Այսինքն` եթէ խորհրդարանը քաղաքական առումով խոչընդոտուած է, ապա կառավարութիւնը նոյն ձեւով պիտի խոչընդոտուի, անկախ իրաւունքներէն եւ օրէնքներէն», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք պատրաստ է երեսփոխանական ընտրապայքարին, «սակայն մինչ այդ պէտք է հանրապետութեան հզօր նախագահ մը գտնել, իսկ եթէ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ արդէն իսկ համախոհութիւն գոյացած է, ապա պէտք է լուծենք այդ հարցը, առանց յաւելեալ բարդութիւններու», նշեց Ֆրենժիէ:

Անդրադառնալով Պքերքէի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Պքերքէ նախագահական ոչ մէկ թեկնածու կ՛որդեգրէ, Ֆրենժիէ ըսաւ, որ ինք կը զօրակցի այդ կեցուածքին:

«Ես համաձայն եմ, որ Պքերքէ հեռու մնայ տարակարծութիւններէն եւ միայն սկզբունքները պարտադրէ», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ նորընտիր ոեւէ նախագահ Պքերքէի բարոյական հովանիին ներքեւ պիտի գործէ:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Լիբանան նոր նախագահ մը պիտի ունենայ միայն համախոհութեան պարագային:

Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ, նախագահական ընտրութեան թեկնածու, երեսփոխան Հանրի Հըլու, որ մեկնումի պահուն բաւարարուեցաւ ըսելով, որ հանդիպումը «դրական» էր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին համար շարք մը կարեւոր հարցեր, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը:

Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ ինք տակաւին թեկնածո՞ւ է, Հըլու ըսաւ, որ ինք ցարդ թեկնածու է:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Օրէնսդրական Նիստին Պատահածը Երկրին Սահմանադրական Հաստատութիւններուն Աշխատանքը Խոչընդոտելու Ընդմէջէն Վարչակարգը Քանդելու Փորձ Մըն Է»

Յաջորդը

Պետական Քննութիւնները Վաղն Իսկ Կը Սկսին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.