
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք աւելի քան երբեք համոզուած է, որ սուրիացի ժողովուրդը կարողութիւնը ունի «Սուրիոյ պատմութեան այս սեւ հանգրուանը շրջանցելու»: Ան ըսաւ, որ նախագահական ընտրութիւնը ցոյց տուած է, որ «հակառակ քարոզչութեան, հրահրումին, հաւատադրժողութեան, ահաբեկչութեան եւ արտաքին դաւադրութեան, մարդիկ չեն փոխուած»:
Ասատ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիան պաշտպանելով ոչ միայն ուզած է հաստատել իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող ուժեղ դաշինքը, այլ նաեւ վերականգնել համաշխարհային համակարգի հաւասարակշռութիւնը, որ քանդուած էր Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք: Ան ըսաւ, որ Իրան կը գիտակցի, որ Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմը զինք եւս թիրախ կը դարձնէ, որովհետեւ դիմադրութեան ուղղուածութիւնն ու անոր աջակցութիւնը թիրախ կը դարձնէ: Ան համոզում յայտնեց, որ Իրան Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքը պիտի չփոխէ` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը իրենք սկսած են կեցուածքի փոփոխութեան նշաններ տալ:
Ասատ ըսաւ, որ թրքական կեցուածքը տակաւին չփոխուեցաւ, սակայն ինք կը գիտակցի, որ Անգարայի ուղղութեամբ իրանեան շարժումը չի կրնար Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան աջակցութիւնը անտեսել: «Ատիկա նախագահ Ռուհանիի խօսքին մէջ յստակ կ՛երեւէր», ըսաւ ան:
«Յաղթանակը անխուսափելի է, նոյնիսկ եթէ ատիկա ժամանակ պահանջէ», յայտարարեց Ասատ:
Սուրիոյ նախագահը ընդգծեց, որ «երկխօսութիւնը, երկխօսութեան մշակոյթը, մարդիկ ուրիշներու հետ երկխօսելու վարժեցնելը» ներկայ հանգրուանի խորագիրին վերածուած են: Ան ըսաւ նաեւ, որ երկխօսութիւնը իր երրորդ նստաշրջանի հիմնաքարն է:


