
Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ լրագրողներուն հետ եւ շնորհաւորեց զիրենք Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Հանդիպման քննարկման առանցքային նիւթերն էին ղարաբաղեան խնդիրի լուծումը եւ ներքաղաքական խնդիրները` մասնաւորաբար իշխանութիւն-Հայ ազգային քոնկրես երկխօսութիւնը:
Գալուստ Սահակեան երկխօսութեան գծով ըսաւ, որ իշխանութիւնները չեն առանձնացներ որեւէ քաղաքական ուժ եւ երկխօսութեան մէջ կը գտնուին բացառապէս բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ:
Իսկ Ղարաբաղի տագնապի մասին խօսելով` Գ. Սահակեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան անընդմէջ կը փորձէ տապալել բանակցութիւնները, իսկ հայկական կողմը կը պնդէ, որ խնդիրին լուծման միակ ուղին բանակցութիւններն են:


