
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին Հայաստանի պատուիրակութիւնը ամբողջ կազմով պիտի մեկնի Պաքու` մասնակցելու 28 յունիսէն 2 յուլիս տեղի ունենալիք վեհաժողովի ամառնային 23-րդ նստաշրջանին: Այդ մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահի տեղակալ Պախար Մուրատովան:
Ըստ անոր, նստաշրջանին մէջ հայկական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Արտաշէս Գեղամեան:
Հայկական կողմը այս մասին տակաւին պաշտօնական հաղորդագրութիւն չէ հրապարակած:


