
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ իսրայէլեան կառավարութեան շաբաթական նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ գոյութիւն ունին շարք մը ցուցանիշներ, որոնք ցոյց կու տան, որ Համաս Այսրյորդանանը պիտի առնէ իր վերահսկողութեան տակ:
Ան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին կոչ ուղղեց` յարգելու Պաղեստինեան իշխանութեան վերահսկողութեան տակ եղող շրջանները, ներառեալ` Կազան զինաթափելու խոստումը:
Իսրայէլի վարչապետը ըսաւ, որ ան որ կը յուսար, թէ պաղեստինեան ազգային համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնը Համաս շարժումի կեցուածքը պիտի մեղմացնէ, սխալ գործեց:
Միւս կողմէ, Ապպաս եգիպտական «Սատա Պալատ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Համասի հետ գոյացած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Իսրայէլի հետ բանակցութիւնը Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) լիազօրութիւնն է:
«Նոր կառավարութիւնը կը ճանչնայ Իսրայէլն ու միջազգային քառեակի որոշումները, ինչպէս նաեւ ապահովական համակարգումը կ՛ընդունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պաղեստինեան իշխանութիւնը կը ճանչնայ Իսրայէլը, սակայն պետութեան հրէականութիւնը ճանչնալ պիտի չընդունի»:
Ապպաս ըսաւ, որ ՊԱԿ-ը խաղաղ դիմադրութեան այլընտրանք չունի` նշելով, որ եթէ Իսրայէլ բնակեցման վայրերու կառուցումը եւ յարձակումները չդադրեցնէ, ապա Պաղեստինեան իշխանութիւնը պիտի դիմէ 48 միջազգային կազմակերպութիւններու:


