Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «Իրավիճակի Սրումը Յղի Է Ազրպէյճանի Համար Ծանր Հետեւանքներով»

June 7, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյրան Օհանեան
Սէյրան Օհանեան

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ հանդիպման ընթացքին նախարարը դեսպանին յորդորեց իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ գործուն քայլերու ձեռնարկելու` շփման գիծին վրայ իրավիճակը մեղմացնելու ուղղութեամբ, որովհետեւ ձեւաւորուած  միջավայրին մէջ իրավիճակի ընթացիկ սրումը յղի է ազրպէյճանական կողմի համար ծանր հետեւանքներ ունենալու հաւանականութեամբ:

Քասփրչիք իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ խոստացաւ գործնական քայլերու ձեռնարկելու` շփման գիծին վրայ ներկայ իրավիճակը մեղմացնելու ուղղութեամբ:

Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.
«
Խուճապի Մատնուելու Կարիք Չկայ»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ վստահեցուց, որ հայ – ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը կը վերահսկուի հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ, եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ:

«Հակառակորդը քանի մը օր շարունակ ապատեղեկատուութեան եւ քաղաքական սադրանքներու միջոցով լարում յառաջացուց նախիջեւանեան սահմանին վրայ, եւ երէկուան կրակոցներուն հետեւանքով մենք երկու զինուորներ կորսնցուցինք: Պատասխան կրակէն ետք հակառակորդը լռեց, իսկ այսօր պաշտպանութեան նախարարը Անճէյ Քասփրչիքին հետ հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ իրավիճակը լեցուն է լուրջ հետեւանքներով եւ Ազրպէյճանի համար կրնան շատ ծանր ըլլալ այդ հետեւանքները, եթէ կացութիւնը չմղէ դէպի հանդարտութիւն»,  «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան: Ան աւելցուց, որ դրդապատճառներու արժեւորում չի կրնար կատարել, որովհետեւ անոնք քաղաքական գնահատականի պէտք է արժանանան: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը կը վերահսկեն սահմանը եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, ո՛չ մէկ զօրահաւաք, ո՛չ մէկ տեղահանութիւն կայ: Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ 20 տարի շարունակ զինեալ ուժերը ինչպէս խնդիրը լուծած են` կը շարունակեն նոյն ձեւով լուծել, բայց , ըստ անոր, դժբախտաբար կորուստներ կ՛ըլլան, որովհետեւ մարտական իրավիճակ կը տիրէ ` պատերազմ է:

Նախանցեալ օրուան դէպքին ընթացքին ոչ թէ ազրպէյճանական կողմէ ներթափանցման փորձ կատարուած է, այլ, նախնական տեղեկութիւններով, արձակազէնները կրակած են մարտական յենակէտի ուղղութեամբ: Արծրուն Յովհաննիսեան հաստատեց, որ Նախիջեւանի սահմանին լարուածութիւնը նորութիւն է զինադադարի կնքումէն ի վեր: Նախարարին բանբերը վստահեցուց, որ ասիկա հայ – նախիջեւանեան սահմանին զինադադարի դրութեան խախտման բացառիկ դէպքերէն մէկն է:

Անդրադառնալով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն դիտարկման, թէ կան մեկնաբանութիւններ, որ Թուրքիա նաեւ ներգրաւուած է այնտեղ, Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ  ատիկա չի բացառուիր: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ատիկա աւելի վտանգաւոր չէ՞, Յովհաննիսեան արձագանգեց` «մեզի համար հակառակորդը միշտ վտանգաւոր է»: Ան շատ աւելի հաւանական նկատեց այսօր պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը, քան քանի մը ամիս առաջ:

Համացանցին եւ մամուլին մէջ տարածուած էին այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Նախիջեւանի սահմանակից այդ տարածքէն բնակչութեան տարհանում տեղի կ՛ունենայ, ինչ որ նախարարութիւնը պաշտօնապէս կը հերքէ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Կողմ Է Հայաստանի Մէջ Սահմանադրական Բարեփոխումներուն

Յաջորդը

«Խստիւ Կը Դատապարտենք Վերջին Օրերուն Հալէպի Հայաբնակ Նոր Գիւղ Թաղամասի Ռմբակոծումները» Ըսաւ Բալայեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.