Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Կողմ Է Հայաստանի Մէջ Սահմանադրական Բարեփոխումներուն

June 7, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արծուիկ Մինասեան
Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նախանցեալ օր սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ քննարկումներուն ընթացքին յայտարարեց, որ ՀՅԴ համաձայն է այս բարեփոխումներուն: «Մենք այն ուժն ենք, որ ոչ միայն կ՛ողջունէ, այլեւ պատրաստ է ներգրաւուելու բովանդակային քննարկումներու մէջ», նշեց ան:

Մինասեան ընդգծեց, որ իրենց համար գլխաւոր խնդիրը` խորհրդարանական կառավարման ձեւին կը վերաբերի` իշխանութիւններու լիազօրութիւնները յստակ սահմանազատող: Մինասեան ցաւով յայտնեց, որ հայեցակարգին մէջ կառավարման ձեւը կը ներկայացուի իբրեւ այլընտրանք:

Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ որեւէ մէկը չ՛ըսեր, որ իշխանութիւնը վերարտադրուելու միտում չունի:

ՀՅԴ պատգամաւորը դիմելով ընդդիմադիրներուն` նկատել տուաւ, որ յստակ պատկերացում պէտք է ունենալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ամբողջական իշխանափոխութիւն` միայն անձերու փոփոխութի՞ւն, թէ՞ ամբողջ համակարգի:

Ըստ անոր, եթէ պահանջուածը համակարգային փոփոխութիւնն է, ապա սահմանադրական փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են, եւ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր առաջարկները պէտք է ներկայացնէ: Հակառակ պարագային, եթէ միայն անձի փոփոխութիւն կատարուի, Մինասեան վստահ է` «ով ալ գայ, պիտի չարաշահէ իշխանութիւնը: Ով ալ գայ, պէտք է իմանայ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք չի կրնար չարաշահութեամբ մօտենալ իշխանութեան»:

Մինասեան աւելցուց, որ իշխանութիւններու նկատմամբ վստահութեան բացակայութեան պատճառներէն մէկը վատ դատական համակարգն է, եւ ասիկա զարգացնելու համար անհրաժեշտ են բարեփոխումները:

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նամակը` Քեթրին Էշթընին

Յաջորդը

Օհանեան. «Իրավիճակի Սրումը Յղի Է Ազրպէյճանի Համար Ծանր Հետեւանքներով»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.