Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. Ֆրանչիսկոս Պապը Անդրադարձած Է Հայոց Ցեղասպանութեան

June 6, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0506Aram-FrancisՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

Վեհափառը պապին յիշեցուցած է, որ Միջին Արեւելքը լուրջ տագնապներէ կ՛անցնի, եւ անոնց հետեւանքները եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան համար յաճախ մտահոգիչ են: Ան ըսած է, որ հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցիները կը մնան ամրօրէն կառչած Միջին Արեւելքին եւ հաւատարիմ իրենց քրիստոնէական վկայութեան ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` վեհափառ հայրապետը յիշեցուցած է 1915-ի Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ Սփիւռքի կազմաւորումը: Ան ըսած է, որ հայ ժողովուրդը ոչ միայն 1.5 միլիոն նահատակ տուած է, այլ կորսնցուցած է իր եկեղեցիները եւ մշակութային ու հոգեւոր արժէքները, հետեւաբար, ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը իւրաքանչիւր հայու պահանջն է: Ապա վեհափառը յիշեցնելէ ետք, թէ սեպտեմբեր 1915-ին Պենետիկտոս ԺԵ. պապը Սուլթան Մոհամետ Ե.-ին գրած նամակին մէջ դատապարտելով հայ ժողովուրդին դէմ կատարուող ցեղասպանութիւնը, կոչ ուղղած է վերջ տալու հայ ժողովուրդին ջարդերուն` աւելցուցած է. «Մեր ժողովուրդի սպասումն է, որ դուք եւս յառաջիկայ տարի Ձեր զօրակցութիւնը յայտնէք մեր ժողովուրդին, ինչ որ վստահաբար կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ մեզի համար»:

Ֆրանչիսկոս պապը իր պատասխան խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ըսած է. «Հայ ժողովուրդը կը ներկայացնէ քրիստոնէական աշխարհի մէկ մասը, որ անհերքելի կերպով կը յատկանշուի փորձութեանց եւ տառապանքի պատմութեամբ, եւ այս ժողովուրդը այդ փորձութիւնները քաջաբար ընդունած է Աստուծոյ սիրոյն համար: Հայ առաքելական եկեղեցին եղած է ուխտաւոր ժողովուրդ մը եւ իւրայատուկ կերպով ապրած է դէպի Աստուծոյ թագաւորութիւն ուղեւորութեան իմաստը: Գաղթի, հալածանքներու եւ նահատակութեան պատմութիւնը, որ ապրած են բազմաթիւ հաւատացեալներ, բոլոր հայերուն սրտին մէջ խոր վէրքեր յառաջացուցած է: Պէտք է տեսնենք եւ մեծարենք այդ վէրքերը, իբրեւ նոյնինքն Քրիստոսի մարմինին հասած վէրքեր, եւ այս իսկ պատճառով իբրեւ անսպառ յոյսի եւ Աստուծոյ նախախնամական ողորմութեան նկատմամբ վստահութեան դրդապատճառ»:

Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ փոխանակուած խօսքերէն ետք, տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակում: Արամ Ա. կաթողիկոս պապին նուիրած է Բարձրբերդի Աւետարանի կրկնօրինակը, իսկ պապը կաթողիկոսին նուիրած է Ս. Յովհաննու Աւետարանէն Պապիրոսի վրայ 14-րդ դարուն գրուած էջ մը:

Աւելի ուշ, կաթողիկոսն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղած են Պապին:

Այցելութիւն` Սենթ Էճիտիօ
Կազմակերպութեան Կեդրոնատեղի

Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Վատիկան` վեհափառ հայրապետը այցելեց Սենթ Էճիտիօ կազմակերպութեան կեդրոնատեղին ու ապա յիշեալ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը վայելող եկեղեցին:

Յիշեալ այցելութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ վեհափառին ընկերակցող շուրջ 80 ազգայինները, որոնք զանազան գաղութներէն ժամանած էին ներկայ գտնուելու պապին ու վեհափառի հանդիպման: Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին վեհափառը անդրադարձաւ նահատակութեան գաղափարին` այս ծիրին մէջ յիշելով հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակները:

 

 

Նախորդը

Մարաշի Մէջ Վերակառուցուած Է Հայ Եղբայրներուն Պատկանած 144-Ամեայ Առանձնատունը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Զուիցերիոյ Նախագահին Փոխանցեց Իր Դիրքորոշումը

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։