
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան նախագահ Ճիմ Եոնկ Քիմը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այսօրուան գլխաւոր մարտահրաւէրը ամէնէն մօտիկ ապագային ընտրութիւններու կազմակերպումն է` աւելցնելով, որ այդ հարցը կարիք ունի երկրին համախոհութեան պահպանումին:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ Լիբանան անկարող է ապահովել սուրիացի գաղթականներուն կարիքները` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը երկրին տնտեսական կացութիւնը անհանդուրժելի կը դարձնէ:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան անմիջական կարիքը ունի միջազգային ընտանիքին օժանդակութեան, որովհետեւ երկիրը կրնայ դիմագրաւել փորձանք մը, որուն հետեւանքները անկարելի է կռահել:
Իր կարգին, Ճիմ Եոնկ Քիմ շեշտեց, որ լիբանանցիները մեծ տագնապ մը կը դիմագրաւեն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է աշխատիլ Լիբանանի կառավարութեան հետ` աւելի լաւ կացութեան մը յանգելու նպատակով:
Քիմ նշեց, որ Լիբանանի օժանդակող միջազգային խմբաւորումը սկսած է իր աշխատանքներուն, սակայն անոնք անբաւարար են` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող իրավիճակը:
Այս շրջագիծին մէջ Ճիմ Եոնկ Քիմ կոչ ուղղեց Լիբանանի օժանդակութեան ամբողջական ծրագիր մը մշակելու:
Միւս կողմէ, Փլամպլի յայտնեց, որ իրենք Միջազգային դրամատան հետ կը գործեն` լուծելու համար Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւնները պէտք է համապատասխանեն անոր կարիքներուն:
Իր կարգին, Խալիլ ընդգծեց, որ Լիբանան բաւարար օժանդակութիւն չի ստանար` աւելցնելով, որ Քիմ հաստատած է, որ միջազգային ընտանիքը յանձնառու կը մնայ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու եւ ամէն իմաստով անոր աջակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել գաղթականներուն ստեղծած մարտահրաւէրները:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին, որմէ ստացաւ հրաւէր մը` մասնակցելու Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի երդմնակալութեան արարողութեան:


