Լիբանանի դատական իշխանութիւններու Հաշուեքննիչ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ գաղթականներու սնտուկի նախկին նախագահ Ֆատի Արամունին ամբաստանեց սնտուկը գողնալու յանցանքով եւ անոր թղթածրարը փոխանցեց Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի:
Միւս կողմէ, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոքը ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քայիտայի անդամակցելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու յանցանքներով:
Դատախազ Սաքըր շէյխ Ֆըսթոքի թղթածրարը փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտայի:


