Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 4, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր այցելեց Եասարիէ եւ Սարաֆանտ գիւղաքաղաքները, ուր ստուգեց սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը թիրախ դարձնող որեւէ ցեխարձակում թիրախ կը դարձնէ նաեւ եկեղեցին, քրիստոնեաները եւ յատկապէս մարոնի համայնքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի նախկին դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է, որ իր սահմանամերձ եւ դրացի երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները ունենայ:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ բռնագրաւուած Պաղեստին այցելութիւնը պատրիարքութեան ծանր վնասներ պատճառած է: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցող սուրիացիներուն թիւը 350 հազարի հասած է:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի նախարարները պիտի զօրակցին վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ ներկայացուած որեւէ առաջարկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ, ի հակազդեցութիւն նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի, յայտնեց, որ անոր կատարած յայտարարութիւնները կը միտին կոյր ձեւանալ ներկայ իրավիճակին նկատմամբ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ մերժեց Հըզպալլայի կողմէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նկատմամբ ցուցաբերուած թշնամական կեցուածքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդակցութիւններու շարքի մը պիտի նախաձեռնէ` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն նպատակն է նախագահական ընտրութիւնները խոչընդոտել` արգիլելու համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Պքերքէ ոչ ոքի հաշուետու է եւ ոչ ոք կրնայ հարցաքննել զայն` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն Պքերքէի դէմ արձանագրուած ցեխարձակումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը մնայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախագահական թեկնածուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները ամէնէն արագ միջոցին պէտք է կատարել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին բանակցութիւնները կ՛ընդգրկեն նաեւ կառավարութիւնը, ընտրական օրէնքը եւ կազի ու քարիւղի թղթածրարը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ մերժեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ արձանագրուած ցեխարձակումներու արշաւը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար Տորի Շամուն շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Ս. հողեր այցելութիւնը ողջունելի է եւ գնահատելի, «ինչպէս նաեւ անիկա անհրաժեշտութիւն մըն է, որ պէտք էր կատարուէր», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

Զօր. Սիսիի Յաղթանակը Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ

Յաջորդը

Դատական Իշխանութիւնները Կ՛ամբաստանեն Արամունին Եւ Պաքրին

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։