
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար Սամիր Համմուտ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Իպրահիմ Պասպուս, Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ժորժ Քարաա եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, նշուեցաւ, որ Սուրիա ուղղուող եւ ապա Լիբանան վերադարձող սուրիացի քաղաքացիները գաղթականի հանգամանքէ զրկելը Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Պէյրութի մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու հարցը եւ որոշուեցաւ ապահովական կառոյցներուն կողմէ «Ապահովական գիշեր»-ներ կազմակերպել:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ նաեւ, որ մոթորսիքլեթներու գործածութիւնը պիտի արգիլուի երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:


