ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ 29 մայիսին Ասթանայի մէջ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին կարդաց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նամակը, որուն մէջ վերջինս կը նշէ, որ Հայաստան կրնայ Մաքսային միութեան միանալ միայն ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած սահմաններով, որոնցմով ան մուտք գործած է Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւն, այսինքն` առանց Լեռնային Ղարաբաղին:
Հայաստան այդ կազմակերպութիւններուն մաս կազմած է առանց սահմաններու ճանաչման, ահա թէ ինչու նշեալ նիստի ծիրին մէջ կազմակերպութեան ո՛չ անդամ եղող, ո՛չ ալ անդամակցելու ցանկութիւն յայտնած երկրի մը նախագահին նամակին ընթերցումը անտեղի էր, սակայն եթէ տեղի ունեցաւ, ապա յստակ է, որ անիկա կատարուեցաւ որոշ նպատակի մը համար եւ լռելեայն համամտութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, որ որեւէ առարկութիւն չկատարեց:
Նազարպայեւի ճշդած պայմանը Հայաստանին կը ստիպէ կատարել ընտրանք մը` կա՛մ Մաքսային միութենէն հրաժարիլ, կա՛մ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալ: Փութինի կեցուածքը նախ եւ առաջ ցոյց կու տայ, որ 3 սեպտեմբերին Հայաստանի վրայ ճնշում բանեցնելուն նպատակը Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան ապահովումը չէր, այլ` պարզապէս Եւրոպական Միութեան ընկերակցութեան համաձայնութեան կնքման արգելակումը: Այս կէտը աւելի յստակ կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք այն իրականութիւնը, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը իրականութեան մէջ Մաքսային միութեան անդամ երկիրներուն տնտեսական շահերուն մէջ որեւէ դեր կամ նշանակութիւն չունի: «Թէ՛, թէ՛»-ի ձգտող Հայաստանը Ասթանայի նիստէն ետք այժմ ինքզինք կը գտնէ «ո՛չ այս, ո՛չ ալ այդ»-ի, այլ խօսքով` «մերկ» վիճակի մէջ յայտնուելու վտանգին դէմ յանդիման:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի դեսպանի դերը ստանձնած Ղազախստանի նախագահին պայմանը Հայաստանի կը ստիպէ Խրիմի օրինակով ճանչնալ ու իրեն կցել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` այդպիսով վերջ տալով Մինսքի խմբակի գործունէութեան եւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Փութին թերեւս որոշած է Մինսքի խմբակի գործունէութեան վերջ տալ, սակայն այդ քայլին մեղքը կ՛ուզէ Հայաստանի վզին փաթթել, ահա թէ ինչու ինք չկարդաց այդ նամակը, այլ զայն վստահեցաւ յարմարագոյն թեկնածուին: Այս ծիրին մէջ ուշադրութեան արժանի է վերջերս Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւններ վաճառելու քայլը:
Ի վերջոյ ի՞նչ է Փութինի ուզածը. Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութեան ամրապնդո՞ւմը` այդ մէկը արդէն անվիճելի իրողութիւն մըն է եւ յաւելեալ որեւէ «ամրապնդում» խեղթամահ պիտի ընէ Հայաստանը: Ղարաբաղեան տագնապի վերաշխուժացո՞ւմը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նիստի ընթացքին ստեղծուած «տհաճ», իմա` վտանգաւոր կացութեան ի տես իրաւամբ նախընտրեցին լուռ մնալ` քաջ գիտնալով, որ «բարկութեամբ շարժողը վնասով կը նստի»: Անոնք պարզապէս յետաձգեցին Հայաստանի պատասխանը, որ թէեւ ցաւալի ու դժուար կրնայ ըլլալ, սակայն անխուսափելի է եւ պէտք է հնչէ ներկայ վտանգաւոր կացութեան բոլոր ծալքերը լաւապէս ուսումնասիրելէ ետք:

