ԻՐԱՆԻ իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ 2 յունիսին մայրաքաղաք Թեհրանը պատուհասած աւազամրրիկը պատճառած է 5 զոհ եւ 30 վիրաւոր: Փոթորիկը, որ ունեցած է ժամական 120 քիլոմեթր արագութիւն, Թեհրանը 15 վայրկեան մթութեան մէջ պարուրած է` ստիպելով հազարաւոր մարդոց խուճապահար փախչիլ: Թեհրանի փողոցներուն մէջ տապալած են բազմաթիւ ծառեր, վնասուած են շէնքեր եւ ելեկտրականութեան գիծեր: Ըստ մասնագէտներու, ասիկա վերջին 50 տարուան ընթացքին ամէնէն ուժեղ աւազամրրիկն էր: Լրատուամիջոցները քննադատած են օդերեւութաբանները` զայն չնախատեսելու եւ բնակչութիւնը չնախազգուշացնելու համար:
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Պրիւքսելի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլի հետ: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան աջակցման միջազգային ուժերու գործողութիւններուն աջակցող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումին ծիրին մէջ:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ կառավարութիւնը Ժապհաթ Նուսրան ներառեց Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ: Թրքական օրէնսդրութիւնը կ՛արտօնէ 60 օրուան ընթացքին Պետական խորհուրդին մօտ բողոքարկել կառավարութեան որոշումը: Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ Ժապհաթ Նուսրայի շարքերուն մէջ կը կռուին բազմաթիւ ազրպէյճանցիներ:
ԽԸՐԽԸԶԻՍՏԱՆԻ մայրաքաղաք Պիշքեքի Մանաս օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ այդտեղ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանի փակման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ընթացքին նշուած է, որ ամերիկացի զինուորները խըրխըզ կառավարութեան պիտի ձգեն 30 միլիոն տոլարի տարբեր ենթակառոյց եւ սարքաւորումներ, ներառեալ` շէնքեր եւ բժշկական սարքեր: Ռազմակայանը բացուած էր 2001-ին: Մանասի ճամբով Աֆղանիստան տեղափոխուած է դաշնակից ուժերու 5.3 միլիոն զինուոր:
«ՖՐԱՆՍ 24» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է, որ վարչատարածքային բարեփոխման ծիրին մէջ Ֆրանսայի մէջ շրջաններու թիւը 22-էն պիտի կրճատուի 14-ի: Բարեփոխման նախագիծը մօտիկ ապագային պիտի ներկայացուի խորհրդարանի քննարկման:


