Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք երէկ հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով Հըզպալլայի դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնը Լիբանանի մէջ անսովոր ցնցումներ կը յառաջացնէ:
Պարաք նկատել տուաւ, որ տակաւին յստակ չէ, եթէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ շարունակուելիք հետաքննութիւնները պիտի ուղղուին նաեւ դէպի Սուրիա` ամբաստանելու համար նաեւ անոր վարչակազմը:


