Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն սուրիացիներու մասնակցութիւնը պէտք է փարատէ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնը` աւելցնելով, որ սուրիական դեսպանատան մէջ կատարուած ընտրութիւններուն մասին կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններուն կատարած յայտարարութիւնները անընդունելի են:
Ալի շեշտեց, որ սուրիացի ժողովուրդը կ՛ուղղուի դէպի իր պետականութիւնը, իսկ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը բոլորին դիմաց բաց պահած է իր դռները եւ գործակցած Լիբանանի ապահովական իշխանութիւններուն հետ:
Ալի շեշտեց, որ նոյնիսկ եթէ Արեւմուտքն ու ՄԱԿ-ը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ մրցակից նախագահական թեկնածու առաջադրէին, ապա ան առաւելագոյնը կրնար քուէներուն 40 առ հարիւրը ստանալ:
Ան նշեց, որ Սէուտական Արաբիա արաբական տարբեր երկիրներու, յատկապէս Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկչական շարժումներուն զօրակցեցաւ, «եւ հակառակ անոր որ Սէուտական Արաբիա ստիպուած է վերատեսութեան ենթարկելու իր կեցուածքը, ան տակաւին կը շարունակէ զինել եւ ֆինանսաւորել ահաբեկիչները», ըսաւ ան:
Ալի շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնները աւելի լայն առիթ մը պիտի ըլլան` երկրի տագնապին լուծման առումով:


