Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

July 6, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի առաջին փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն երկուշաբթի գիշեր Նիւ Եորք մեկնած է` Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ «Մաւի Մարմարա» նաւու դէպքին պատճառով յառաջացած տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ ունենալու համար: Իսրայէլեան «Ուայնեթնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի փոխվարչապետ եւ ռազմավարական հարցերով նախարար Եաալոն կը բանակցի Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Մաւի Մարմարա»ի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնախումբի տեղեկագիրին հրապարակումէն երեք օր առաջ իսրայէլացի եւ թուրք պաշտօնատարներ դռնփակ աշխուժ դիւանագիտական ջանքեր կը թափեն երկկողմանի յարաբերութիւնները վերականգնելու համար: Իսրայէլեան կառավարական աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ երկու կողմերուն վրայ մեծ ճնշում կը բանեցնեն հինգշաբթի օր ՄԱԿ-ի յանձնախումբի տեղեկագիրին հրապարակումէն առաջ իրենց տարակարծութիւնները լուծելու: Աղբիւրը կը նշէ, որ եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ եւ տեղեկագիրը իր ներկայ տարազով հրապարակուի, երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները հաւանաբար երկար ժամանակով սառեցուած պիտի մնան:

Ըստ տեղեկագիրին ծանօթ իսրայէլեան աղբիւրի մը, յանձնախումբը եզրակացուցած է, թէ Կազայի շրջափակումը օրինական էր, սակայն «Մաւի Մարմարան» գրաւած իսրայէլեան ծովուժի մասնայատուկ ուժերը անտեղի ուժ կիրարկած են: Մինչ այդ, Թուրքիա մտահոգ է նաւատորմիղի հարցին մէջ իր դերակատարութեան վերաբերեալ յանձնախումբին քննադատութեամբ:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը երկուշաբթի օր կը նշէր, որ երկու կողմերէն դիւանագէտներ կը փնտռեն բառ մը, որ թրքերէնի մէջ ներում հայցելու նման պիտի հնչէ, իսկ եբրայերէնի մէջ` ոչ:

Արեւմտեան պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնախումբին մէջ Իսրայէլի ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Քիաչանովըր եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Էօզտեն Սանպերք ներկայիս աշխատանք կը տանին գտնելու տարազ մը, որ երկու կողմերը կը գոհացնէ:

Իսրայէլեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Ճերուզալեմ Փոսթ»ին յայտնած են, որ շրջանին մէջ զգայացունց փոփոխութիւնները Թուրքիոյ ռազմավարական հաշիւները արմատականօրէն փոխած են եւ Թուրքիոյ կը ստիպեն Իսրայէլի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը փոխելու:

 

 

 

 

 

Նախորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԹԵՐԹԻ ՄԸ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԸ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է

Յաջորդը

ԹԻՖԼԻՍ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԵՐԵՒԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.