
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ «Աշխարհի ազրպէյճանցիներու Բ. համագումար»ին ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը Հարաւային Կովկասի տնտեսութեան 75 առ հարիւրը կը կազմէ:
Ալիեւ ըսաւ, որ «վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը աճած է երեք անգամով, համախառն ներքին արտադրութիւնը 300 առ հարիւրով աւելցած է, կեանքի կոչուած ծրագիրներուն շնորհիւ աղքատութեան մակարդակը հինգ անգամով նուազած է® Շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ազդեցութիւնը կ՛աճի, այսօր Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը Հարաւային Կովկասի տնտեսութեան 75 առ հարիւրը կը կազմէ»:


