Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Նախագահ Սարգսեանի Ուղղածը Մարտահրաւէր Է Եւ Ոչ Թէ Հրաւէր

May 31, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան
Կիրօ Մանոյեան

Պաշտօնական Անգարան չարձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի օրը Թուրքիոյ նախագահը Հայաստան հրաւիրելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղած հրաւէրին:

Թրքական մամուլը ընդհանուր կերպով տարածեց Սարգսեանի ելոյթէն հատուածներ, սակայն ոեւէ թուրք պաշտօնակատար չմեկնաբանեց ելոյթը եւ Թուրքիոյ նախագահը Հայաստան հրաւիրելու փաստը:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով հրաւէրին եւ անոր շուրջ եղած արձագանգին, «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը Թուրքիոյ կողմէ հաւանաբար այդպէս ալ անարձագանգ մնայ: «Չեմ զարմանար, եթէ Թուրքիա ընդհանրապէս անտեսէ այս հրաւէրը, այնպէս, ինչպէս անտեսած էր 2005 թուականի Հայաստանի այն ժամանակուան նախագահին պատասխանը` պատմաբաններու յանձնախումբ կազմելու իրենց առաջարկին: Թուրքերը անկէ ետք երեք տարի անընդհատ կ՛ըսէին, որ Հայաստան մեր առաջարկին չպատասխանեց, մինչդեռ իրականութեան մէջ Հայաստան պատասխանած էր, բայց իրենց ուզած պատասխանը չէր: Հիմա ալ կրնան անտեսել այս հրաւէրը, քանի որ ատիկա իրենց սրտով չէ», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:

Խօսելով Թուրքիոյ հրաւէր ուղղելու հարցին մասին` Մանոյեան նկատել տուաւ, որ հայկական կողմը այս ձեւով մարտահրաւէր կ՛ուղղէ Թուրքիոյ: Ըստ Մանոյեանի, ասիկա ֆութպոլ դիտելու հրաւէր չէ, այլ քաղաքական ենթահողով յստակօրէն կ՛ըսուի, որ եթէ իսկապէս կ՛ուզեն ճանչնալ պատմութիւնը, թող գան տեսնեն, թէ Հայաստանի մէջ 24 ապրիլին ժողովուրդը  ինչպէ՛ս իր յարգանքը կը մատուցէ: Մանոյեան շեշտեց, որ այս իմաստով ասիկա մարտահրաւէր է, քան հրաւէր` աւելցնելով, որ ասիկա Էրտողանի 23 ապրիլի կեղծ ցաւակցական ուղերձին պատասխանն է:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Ոչինչ Կրնայ Մեզ Ստիպել Հրաժարիլ Մեր Մեծագոյն Ձեռքբերումէն»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Մօտ Ապագային Պիտի Անդրադառնայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցելու Հարցերուն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.