
Սպանիոյ եւ Եւրոպայի ախոյեան Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող սպանացի յառաջապահ Փետրօ Ռոտրիկես իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ յունիս 2016:
23 տարեկան Փետրօ, որ 2004-ին Պարսայի երիտասարդներու Աքատեմիէն միացաւ Ա. խումբին, 2009-2010 տարեշրջանին իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուելով նշանակեց 23 կոլ:
Ան նախորդ տարեշրջանին նշանակեց 22 կոլ:
Այսպիսով, ան Պարսելոնայի միանալով իր գանձելիք գումարներուն ընդհանուր հաշիւը 90 միլիոն եւրոյէն բարձրացուց 150 միլիոն եւրոյի:


