Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երկու 100-Ամեակներու Արանքին Մէջ

May 28, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2805KhempՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը հազիւ բոլորած, համայն հայութիւնը պիտի սկսի նախապատրաստուիլ նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Դարերու ընդմիջումէ ետք պետականութեան կերտումը, երկրին հայացումը, բայց նաեւ եւ անկէ առաջ համաթուրանական ծրագիրներու իրականացման գործընթացը կասեցնելը եւ նման պատմակերտ իրագործումներ պիտի գան ներկայացնելու հանրագումարի ձեւաւորման փորձերը, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ գիտաժողովներով, խորհրդաժողովներով եւ տարբեր ձեւաչափերով արծարծ պիտի պահեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  ունեցած բոլոր գնահատանքներէ վեր նշանակութիւնը` հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ:

Ցեղասպանութեան եւ Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակներու արանքին մէջ սակայն կ՛արժէ պատմաքաղաքական ագուցումներու որոշ խորհրդածութիւններ կատարել:

Նախ անշուշտ յիշելու, որ Ա. Հանրապետութիւնը եւ զայն նախորդած սարդարապատեան դիւցազնամարտը խորքին մէջ Թուրքիոյ ծրագրած ամբողջական ցեղասպանութեան կիրարկումի ձախողեցումն էր: Արեւմտահայաստանը ամայացնելէ, արեւմտահայութիւնը տեղահանութեամբ բնաջնջելէ ետք նոյն թուրքը կը սպառնար այս անգամ նոյն ճակատագիրին ենթարկել մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի արեւելեան հատուածը` ընդմիշտ աշխարհի քարտէսէն ջնջելու համար հայ տարրը, հայ ցեղի տեսակը: Սարդարապատը կասեցուց այդ ծրագիրը եւ ձախողեցուց ամբողջական ցեղասպանութիւնը:

Անհաւասար կռիւի սարդարապատեան հրաշակերտ այս խոյանքը Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումներուն անպայման կը խլէ համապատասխան տարողութեան պատմաքաղաքական լուսարձակներ:

100-ամեակներու արանքի վերլուծման երկրորդ կարեւորագոյն խորհուրդի ագուցումներու փորձը մտաբերել կու տայ անկախ հանրապետութեան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան որոշած «Նեմեսիս» գործողութիւնը: Հայկական Նիւրեմպերկը գործադրելու Դաշնակցութեան որոշումը ճիշդ է, որ նախ եւ առաջ ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները պատժելն էր: Պատժական այս պատմական որոշումը սակայն ներազգային իմաստով շատ խոր նշանակութիւն կը  ներկայացնէ: Ցեղասպանեալ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական այսօրուան կերտուածքը ուրիշ պիտի ըլլար, եթէ Սարդարապատով չկայանար յաղթանակը, մենք չունենայինք մեր առաջին հանրապետութիւնը, չհայացուէր մեր երկիրը եւ ի վերջոյ հայու ձեռամբ չզգետնուէին Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները:

Բարոյահոգեբանական անկեալ վիճակէն դուրս բերելու հրաշալի եղանակ էր Նեմեսիսը, որուն համահայկական եւ համազգային նշանակութիւնը անպայման կ՛ենթարկուի ոչ միայն գիտական-ակադեմական, այլ նաեւ համապետական արժեւորումի:

Ա. Հանրապետութիւնը իբրեւ մեր լինելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորող վէմ  պատմաքաղաքական բազմաթիւ դասեր փոխանցած է իրերայաջորդ սերունդներուն: Այն, ինչ որ ժառանգեցին խորհրդային կարգերը եւ այն վերանկախացումը, որ աւելի քան 20 տարիէ ի վեր մեր երկիրն ու պետութիւնը իբրեւ անկախ միաւոր ամրագրեց ազգերու եւ պետութիւններու ընտանիքին մէջ, հիմք ունի 96 տարի առաջ Սարդարապատով փրկուած, յաղթանակ տարած, ցեղասպանութեան ամբողջացումը տապալած Մայիս 28-ը:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Թուրքիոյ Նախագահը Հայաստան Հրաւիրեց

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.